Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսան Աջակցութիւն Յայտնած Է ԷՔՕՈՒԱՍ-ի Նիկերի Մէջ Յեղաշրջման Տապալման Համար Միջամտութեան

August 7, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ֆրանսան հաստատակամօրէն եւ վճռականութեամբ կ՛աջակցի ԷՔՕՈՒԱՍ-ի (Արեւմտեան Ափրիկէի պետութիւններու տնտեսական համայնք) ջանքերուն` տապալելու այս յեղաշրջման փորձը: «Ֆրանս24» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարութիւնը հրապարակած է Ֆրանսայի եւրոպական եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Յայտարարութիւնը հրապարակուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնայի եւ Նիկերի վարչապետ Ուհամուտու Մահամատուի Փարիզի մէջ ունեցած հանդիպումէն ետք:

ԷՔՕՈՒԱՍ-ը Նիկերի մէջ զինուորական յեղաշրջումով իշխանութեան տիրացած խումբին կոչ ուղղած է հեռանալու:

ԷՔՕՈՒԱՍ-ի պաշտպանութեան նախարարները մշակած են զինուորական գործողութիւններու ծրագիր մը, եթէ յեղաշրջման ղեկավարները մինչեւ կիրակի պաշտօնին չվերադարձնեն ընտրուած նախագահ Մոհամետ Պազումին, ինչ որ կը մեծցնէ շրջանի մէջ հետագայ տագնապի վտանգը:

Յեղաշրջման ղեկավար 59 տարեկան զօր. Ապտուրահմանէ Թիանին, որ զինուորական պատրաստութեան մէկ մասը ստացած է Ֆրանսայի մէջ, ըսած է, որ իրենք պիտի չնահանջեն:

Փարիզի յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Նիկերի ապագան ու ամբողջ շրջանի կայունութիւնը վտանգուած են»: Ֆրանսան չէ յստակացուցած, թէ արդեօք զինուորական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ՞ Նիկերի մէջ ԷՔՕՈՒԱՍ-ի միջամտութեան:

Միջամտութեան ծրագիրին համաձայն, որոշումը, թէ ե՛րբ եւ ո՛ւր պէտք է գործողութիւն կատարել, պիտի տան պետութիւններու ղեկավարները: Այս մասին ըսած է ԷՔՕՈՒԱՍ-ի քաղաքական հարցերու, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան յանձնակատար Ապտել-Ֆաթաու Մուսահը: Ան չէ նշած միջամտութեան ժամանակացոյցը եւ չէ ըսած, թէ ծրագիրը ի՛նչ կը նախատեսէ:

Ալճերիոյ նախագահ Ապտելմաժինի Թիպուն ալճերիական պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Մենք Նիկերի մէջ օրինականութեան հետ ենք, եւ պէտք է ատոր վերադառնալ», սակայն նաեւ աւելցուց. «Կտրուկ կերպով կը մերժենք Նիկերի մէջ զինուորական միջամտութիւնը, եւ որեւէ միջամտութիւն ամբողջ Սահելը (Հիւսիսային Ափրիկէի հարաւ կեդրոնական, Ատլանտեանէն Կարմիր ծով երկարող կիսաչոր արեւադարձային 1000 քիլոմեթր լայնութեամբ շրջան, «Ա.») պիտի բռնկեցնէ»: Թիպուն ընդգծեց, որ Ալճերիան Նիկերի մէջ խաղաղ լուծման կողքին է եւ պատրաստ է այդտեղի տագնապի լուծման օգնելու: «Ալճերիան իր դրացիներուն դէմ ուժ պիտի չկիրարկէ», ըսաւ ան:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա 5 օգոստոսին յայտնեց, որ ներկայիս ֆրանսական զօրքը Նիկերէն հեռացնելու հարցը չի քննարկուիր, որովհետեւ ֆրանսական ստորաբաժանումները այդտեղ տեղակայուած են այդ երկրի օրինական իշխանութիւններուն հետ համաձայնութեան հիմամբ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին աջակցելու համար:

Ան նշեց, որ 26 յուլիսին զինուորական յեղաշրջումէն ետք Փարիզ դադրեցուցած է Նիկերի հետ զինուորական եւ քաղաքական համագործակցութիւնը:

«Նիկերի մէջ յեղաշրջումի հեղինակները մինչեւ վաղը պայմանաժամ ունին իրենց արկածախնդրութեան վերջ տալու», յայտարարեց Քոլոնա:

Նիկերի մէջ տեղակայուած են շուրջ 1500 ֆրանսացի զինուորներ: Քոլոնայի համաձայն, ֆրանսական ուժերու շուրջ կացութիւնը հանգիստ է: Ան յոյս յայտնեց, որ «այդպէս ալ կը մնայ»:

Նախորդը

Կութիերես. «Աշխարհի Վրայ Կախուած Է Հիւլէական Պատերազմի Ստուերը»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ  Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք,  Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք, Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»

October 3, 2026
Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը.  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւնները Զայրացած Են
Միջազգային

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Զայրացած Են

October 3, 2026
Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ  Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ  Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար
Միջազգային

Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.