Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Գ. Տարելիցի Նշում` Զոհերու Հարազատներուն Կողմէ

August 7, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 4 օգոստոս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքներուն եւ հարազատներուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը, որ սկիզբ առաւ Քարանթինայի հրշէջներու կեդրոնէն եւ հասաւ մինչեւ նաւահանգիստին դիմաց գտնուող արտերկրի լիբանանցին խորհրդանշող արձանը:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի Գ. տարելիցի նշումը կրեց «Արդարութեան եւ հաշուետուութեան համար… Կը շարունակենք» կարգախօսը:

Զոհերու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն կողքին ներկայ գտնուեցան կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով լիբանանցիներ:

Այստեղ նշենք, որ զոհերու ընտանիքներու զօրակցական հաւաքին ընթացքին կարգ մը քաղաքական ուժերու անդամ երիտասարդներ ցեխարձակում կատարած են երեսփոխան Սեզար Ապի Խալիլի դէմ, որ հոն կը գտնուէր ընդառաջելով զոհերու ընտանիքներուն հրաւէրին:

Ապի Խալիլ նշեց, որ անդաստիարակ վարուելակերպը անարժէք է եւ անիմաստ` զոհերու հարազատներուն ապրած ցաւին եւ նաւահանգիստի պայթումի աղէտին դիմաց:

Ան աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ թափանցիկ հետաքննութիւն պահանջել եւ իրաւատիրոջ յանձնել իր իրաւունքը:

Քայլարշաւի ընթացքին ընտանիքները բարձրացուցին իրենց հարազատներուն լուսանկարները, ինչպէս նաեւ պաստառներ, որոնք արդարութիւն, հաշուետուութեան եւ ճշմարտութեան բացայայտում կը պահանջէին:

Երթին մասնակցող քաղաքացիները բարձրացուցին լիբանանեան հսկայ դրօշ մը, որ կը կրէր արեան հետքեր` խորհրդանշելով իրենց հարազատներուն թափած արիւնը:

Երթը իր աւարտին հասաւ արտերկրի լիբանանցիներու արձանին մօտ, ուր մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ պայթումին պատճառած հարիւրաւոր զոհերուն յիշատակը, եւ եկեղեցիներու զանգերու ղօղանջին ու մզկիթներուն հնչեցուցած նամազին կշռոյթով կարդացուեցան 235 զոհերուն անունները:

Ապա զոհերու ընտանիքները արտասանեցին իրենց խօսքերը, որոնք պահանջեցին շարունակել հետաքննութիւնը եւ բացայայտել ճշմարտութիւնը, ինչպէս նաեւ պատժել բոլոր անոնք, որոնք պատճառ դարձան այդ պայթումին:

Զոհերուն հարազատները նկատել տուին, որ ահաբեկիչ են բոլոր անոնք, որոնք իրենց պարտականութիւնը չկատարեցին եւ պատճառ դարձան, որ լիբանանցի երիտասարդներ սպաննուին:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին Գ. տարելիցին առիթով վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յոյս յայտնեց, որ պայթումին հարցով արդարութեան արեւը ծագի մօտիկ ապագային, որպէսզի հանգստանան զոհերուն հոգիները եւ խաղաղին անոնց կորուստով տառապող լիբանանցիները:

Արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի շեշտեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարը կը գտնուի հսկայական դժուարութիւններու եւ խոչընդոտներու դիմաց` աւելցնելով, որ այդ հարցով կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ ամբաստանուած են եւ հետաքննութեան կանչուած:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի շեշտեց, որ օրէնքը չգործադրելը նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութիւնը խանգարող հիմնական պատճառներէն է:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքներուն եւ հարազատներուն պահանջը` միջազգային հետաքննութիւն բանալու իմաստով, իրաւացի է: Ան կոչ ուղղեց բոլոր երկիրներուն, որոնք լուսանկարներ կամ փաստաթուղթեր ունին` ներկայացնելու Լիբանանին, ինչպէս նաեւ վերջ տրուի քաղաքական միջամտութիւններուն, որպէսզի հետաքննութիւնը շարունակուի եւ ճշմարտութիւնը բացայայտուի:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ կոչ ուղղեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան առումով արդարութիւն բանեցնելու եւ ոճրագործները պատժելու:

Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ կոչ ուղղեց շարունակելու ճնշումները` մինչեւ ճշմարտութեան բացայայտումը եւ պայթումի յանցագործներուն եւ անոնց մեղսակիցներուն դէմ պատժական տնօրինումներու որդեգրումը:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ 4 օգոստոսը սեւ կնիք է Լիբանանի պատմութեան մէջ` աւելցնելով, որ Պէյրութի վէրքը կարելի պիտի չըլլայ ամոքել, իսկ արդարութիւնը պիտի հաստատուի, ինչքան ալ երկարատեւ ըլլայ անոր հասնելու ժամանակը:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ պահանջեց միջազգային հետաքննութիւն բանալ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցով: Ան աւելցուց, որ մերժելի է, որ այս ոճիրը գործողը անպատիժ մնայ:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին միջազգային հետաքննութիւնը եւ միջազգային դատավարութիւնը միակ միջոցներն են Պէյրութի յաղթանակին համար:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց, որ նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին առումով արդարութիւն հաստատուի` աւելցնելով, որ անիկա անկարելի պիտի ըլլայ իրագործել, եթէ դատական հետաքննութիւնը չվերսկսի:

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ նաւահանգիստի պայթումի Գ. տարելիցին առիթով հաստատեց, որ իրենց միակ պահանջը ամբողջ ճշմարտութեան բացայայտումն է, ինչպէս նաեւ հետաքննութիւնը քաղաքականացնելէ հեռու պահելը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ արդարութիւնը առանձինն կարելի չէ իրականացնել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առումով, այլ պէտք է իշխանական ամբողջ վարչակազմը փոփոխութեան ենթարկել:

Ամալ շարժումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ հետաքննութիւնները պէտք է շարունակուին ճիշդ ընթացքով, մինչեւ արդարութեան հաստատում:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն հաստատեց, որ երեք տարիէ առաջ ինք Լիբանանի կողքին եղած է նաւահանգիստի պայթումի օրերուն` աւելցնելով, որ այսօր Լիբանան դարձեալ մինակ չէ եւ կրնայ վստահիլ Ֆրանսայի ու անոր զօրակցութեան:

Լիբանանի տագնապի լուծման համար Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան իր կարգին յայտնեց, որ պայթումին իմաստով արդարութիւնը պէտք է բանեցուի առանց քաղաքական միջամտութեան:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց հետաքննութիւնը շարունակելու թափանցիկութեամբ եւ քաղաքական միջամտութիւններէ հեռու մնալով:

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի հաստատեց, որ կը բաժնեն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու ընտանիքներուն ու հարազատներուն ցաւը եւ քաջ գիտեն, թէ անոնք անհամբեր են իմանալու այդ պայթումին կապուած ամբողջ ճշմարտութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի Գ. տարելիցին առիթով այդ թղթածրարին մէջ ոչ մէկ յառաջդիմութիւն արձանագրելու իրականութիւնը անընդունելի է եւ կը փաստէ, թէ երկրին դատական իշխանութիւնը բարեկարգումի կարիք ունի:

Նախորդը

Մինչ Այն Հելուէի Զինեալ Բախումները Կանգ Կ՛առնեն, Ծոցի Երկիրները Կը Զգուշացնեն Լիբանանի Մէջ Գտնուող Իրենց Քաղաքացիները

Յաջորդը

Մոսկուան Պաքուին Ու Երեւանին Առաջարկներ Ներկայացուցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Կացութեան Մեղմացման Ուղղութեամբ

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.