Մաքիավելլի շատերու համար հաւանաբար հանրածանօթ անուն մըն է, ան դարձած է հոմանիշ` քաղաքականութեան մէջ անբարոյականութեան եւ չարամտութեան:
Քիչերն են սակայն, որոնք ծանօթ են անոր տեսութեան կամ կարդացած` անոր գործերը, այս իմաստով ալ ան նաեւ մեծ անծանօթ մըն է:
Նիքոլօ Մաքիավելլի (1469-1527) Վերածնունդի դարաշրջանի ֆլորենսիացի իմաստասէր մըն էր, իր ամէնէն նշանաւոր գործը` «Իշխանը» (The Prince, Il Principe -1513), ուղեցոյց մըն է` իր կողմէ գրուած, նուիրուած` Ֆլորենսիոյ այդ օրերու իշխան Լորենցօ տէ Մետիչիին: Այդ աշխատութեան մէջ Մաքիավելլի կը բացատրէ ղեկավարելու արուեստը:
Դարերու ընթացքին Մաքիավելլիի աշխատութեան նկատմամբ կազմուած ժխտական տպաւորութիւնը` իբրեւ վատ մտադրութեան եւ սատանայական չարամտութեան խորհրդանիշ, ճիշդ եւ արդար բնորոշում մը չէ, որովհետեւ հեղինակին մօտ չկայ չարագործութեան կամ դաւաճանութեան նախնական, սկզբունքային մտադրութիւն:
Մաքիավելլիի մօտ տիրապետող է այն միտքը, որ չար գործը նաեւ արդարացի միջոց մըն է, գործիք մըն է իշխանութիւնը պահելու համար: Խորքին մէջ Մաքիավելլիի տեսութիւնը իշխանութիւնը պահելու գործիքակազմ մըն է :
Ուրկէ՞ կու գայ, սակայն, Մաքիավելլիի արժէքը:
Մաքիավելլի յեղաշրջեց մինչեւ իր օրերը` հին ժամանակաշրջաններէն մինչեւ միջնադար, ծանօթ բոլոր քաղաքական տեսութիւնները, իրաւացիօրէն դառնալով հիմնադիրը արդի քաղաքական իմաստասիրութեան, որ կը կոչուի իրատեսական գործնապաշտութիւն (Réalisme Pragmatique), ինչ որ աւելի պարզ իմաստով կը նշանակէ քաղաքականութիւնը անջատել բարոյականութենէն: Քաղաքական գործունէութեան համար կարեւորը արդիւնքն է եւ նպատակը, այլ ոչ թէ` սկզբունքներն ու միջոցները:
Ստանալիք արդիւնքի տեսլականն է, որ կ՛առաջնորդէ իշխանին քաղաքական գործունէութիւնը: Անոր նպատակն է իր ձեռքերուն մէջ պահել իշխանութիւնը:
Ակնարկ մը նետենք Մաքիավելլիէն առաջ գոյութիւն ունեցող կարեւորագոյն քաղաքական տեսութիւններուն վրայ` օրինակ մը վերցնելով հին դարերէն, երկրորդ մըն ալ` միջնադարէն:
– Պղատոն, ՆՔ 5-րդ դար
Պղատոն իր KALIPOLIS («Գեղեցիկ քաղաքը») աշխատութեամբ կը ներկայացնէ քաղաքական իր տեսութիւնը` բարի գաղափարներով տոգորուած եւ առաջնորդուող քաղաքի մը կամ ընկերութեան մը երեւակայածին պատկերով:
Ընկերութեան մը մղիչ ուժերը բարին եւ առաքինութիւնն են: Ըստ Պղատոնի, այս երկու արժէքները պէտք է տարածել մարդոց մէջ` ստեղծելու համար երազուած իտէալական ընկերութիւնը:
Պղատոնի ընկերութեան մէջ քաղաքականութիւնն ու բարոյականութիւնը իրարմէ անբաժանելի բաղադրիչներ են, իսկ քաղաքականութեան նպատակը առաքինութեանց առարկայանացումն է եւ անոնց գործնականացումը:
– Սուրբ Օգոստինոս, ՅՔ 5-րդ դար
Սուրբ Օգոստինոս իր «Աստուածային քաղաքը» (La cité de Dieu) գրքին մէջ կը նկարագրէ իր երազած իտէալական ընկերութիւնը, որ կ՛առաջնորդուի զԱստուած սիրելու գաղափարով:
Անոր համար քաղաքականութեան նպատակը հոգիի փրկութիւնն է, յաւիտենական կեանքը եւ երկինքի արքայութիւնը:
Ուրեմն Մաքիավելլի իմացական բեկում մը եւ համակարգային յեղաշրջում մը կատարեց: Ան եկաւ ըսելու, որ բարին եւ առաքինութիւնը պէտք չէ ըլլան քաղաքականութեան արուեստի պատուանդան, եւ ան այս եզրակացութեան հասաւ հիմնուելով մարդաբանական իրապաշտութեան (Réalisme Anthropologique) սկզբունքներուն վրայ:
Իսկ ի՞նչ կը բացայայտէ մարդաբանական իրապաշտութիւնը:
Ան կը բացայայտէ, որ մարդը ի բնէ եսասէր էակ մըն է, որ` մարդը իր սեփական շահերով կ՛առաջնորդուի, որ` մարդը թերի է, ան չի կրնար կատարեալ ըլլալ, որ` մարդը կը ցանկայ ուրիշի ունեցուածքին տիրանալ, ան բնութեամբ նախանձոտ է ու ցուցամոլ:
Մարդուն հիմնական շարժառիթը իր սեփական շահերը պաշտպանելն է:
Սխալ է մարդէն ակնկալել առաքինութիւններ, որոնք ի սկզբանէ չկան իր էութեան մէջ, օրինակ` հաւասարութեան ձգտում, պարկեշտութիւն եւ այլն:
Ապարդիւն է ամէն ճիգ, որ կը ձգտի փոխել մարդուն էութիւնը:
Սխալ է մարդիկը ընկալել այնպէս, ինչպէս մենք կ՛ուզենք, որ անոնք ըլլան, զանոնք պէտք է ընկալել այնպէս, ինչպէս որ իրենք կան:
Մարդու հիմնական ակնկալութիւնը իշխանութենէն` զինք պաշտպանելն է:
Իշխանը (ղեկավարը) պէտք է օգտագործէ մարդաբանական վերոյիշեալ յատկութիւններն ու թերութիւնները իր նպատակին հասնելու համար, որ իշխանութիւնը իր ձեռքերուն մէջ պահելն է:
Ահաւասիկ` Մաքիավելլիի գործնապաշտ իրատեսութիւնը, որ շատերու համար կրնայ ընկալուիլ իբրեւ քաղաքական պատեհապաշտութիւն:
Գործնապաշտ իրատեսութիւն դաւանող իմաստասէր մըն էր նաեւ անգլիացի Թոմաս Հոպս (1588-1679): Ան իր նշանաւոր Leviathan (1651) աշխատութեան մէջ կը ներկայացնէ այն միտքը, որ մարդը առաջնորդող հիմնական շարժառիթը վախն է, իսկ իշխանութիւններէն մարդուն հիմնական ակնկալութիւնը պաշտպանութիւնն է:
Ղեկավարը պէտք է յենի մարդու բնական այս թերութիւններուն վրայ` իր ձեռքերուն մէջ պահելու համար իշխանութեան լծակները:
Ըստ Մաքիավելլիի, մարդկային հաւաքականութիւնները ղեկավարելու համար Իշխանը մարդոց պէտք է տայ այն, ինչ որ անոնք կը ցանկան, կամ անոնց մօտ տպաւորութիւն պէտք է ստեղծէ, որ իրենց կու տայ իրենց ուզածը: Այստեղ պարկեշտ ըլլալը պայման մը չէ ղեկավարին համար, պայմանը մարդոց զգացնելն է, որ ղեկավարը կը սիրէ զիրենք եւ կը պաշտպանէ իրենց շահերը:
Ամբոխները երեւոյթներով կ՛առաջնորդուին եւ ոչ թէ` իրականութեան ու ճշմարտութեան ընկալումով, ուստի զանոնք այնպէս պէտք է տպաւորել, որ իրենց ուզածն է, որ իշխանը կը կատարէ, եւ թէ իրենց շահերը պաշտպանուած են անոր կողմէ: Լաւ ղեկավարը այդ պատրանքը լաւագոյնս ստեղծողն է:
Եւ որովհետեւ իշխանութիւնը պահելու հիմնական միջոցը հանրային նպաստաւոր կարծիքն է, ուստի բոլոր միջոցները թոյլատրելի են այդ կարծիքը շահարկելու համար: Այստեղ բամբասանք, ապատեղեկատուութիւն եւ տարաձայնութիւններ տարածելը` իշխանութիւնը պահելու նպատակով, ընդունուած միջոցներ են:
Վերոյիշեալ նպատակին հասնելու եւ մարդոց հնազանդութիւնը երաշխաւորելու համար Մաքիավելլիի Իշխանը ունի երկու յենարաններ`
– Ժողովուրդի սէրն ու համակրանքը,
– Վախը:
Ուրեմն Մաքիավելլի կը յենի մարդկային երկու հզօր զգացումներու` սիրոյ եւ վախին վրայ:
Ժողովուրդին սէրն ու համակրանքը շահելու պարագային, հիմնականը ստեղծելն է այն տպաւորութիւնը, թէ ղեկավարը տոգորուած է իր հպատակներուն հանդէպ սիրով եւ գուրգուրանքով. իրական սէրը այստեղ կարեւոր չէ, կարեւորը ժողովուրդէն փոխադարձ սէր ու համակրանք ստանալն է:
Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, Իշխանը իր ձեռքերուն մէջ պէտք է պահէ հպատակներուն մէջ վախ յառաջացնող լծակներ: Այստեղ Մաքիավելլի կը հաստատէ, որ վախը եւ վախազդու միջոցները աւելի հաստատուն եւ վստահելի միջոցներ են, քան` համակրանքն ու սէրը: Ըստ անոր, մարդկային հզօրագոյն զգացումը վախն է, յատկապէս` մահէն վախնալը, որուն դիմաց սէրը զինաթափ կ՛ըլլայ:
Մարդիկ, որոնց մէջ սէրը կը գերակշռէ վախը, փոքրամասնութիւն եւ բացառութիւն են, անոնք կը կոչուին հերոսներ, սակայն ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հերոսութեան եւ զոհուելու ատակ չէ, ուստի այս փոքրամասնութիւնը հիմք չի կրնար ծառայել քաղաքականութեան մշակման:
Ուրեմն բարոյականութիւնը Մաքիավելլիի մօտ քաղաքականութենէն անջատ արժէք մըն է, Իշխանը կրնայ բարոյականութիւնը օգտագործել, երբ վերջինս կը համընկնի իր քաղաքական շահերուն, այլապէս բարոյականութիւնը քաղաքական տեսութեան համար արժէք մը չէ. այստեղ խնդիրը մարտավարական է եւ ոչ թէ սկզբունքային` վերջնական նպատակը ըլլալով իշխանութիւնը պահել եւ ամրապնդել:
Արդեօք Մաքիավելլիի տեսութիւնը անբարոյականութի՞ւն է (Immoralisme):
Ո՛չ, իր տեսութիւնը կարելի է կոչել amoralisme, որ կը նշանակէ` «բարոյականութեան վրայ հիմնուած չըլլալ»: Ինք բարոյականութեան չի հակադրուիր, այլ զայն կը շրջանցէ կամ զայն նպատակային ձեւով կ՛օգտագործէ:
Այս մարտավարութիւնը կը կոչուի Proto-utilitarisme (նախագործնապաշտութիւն), որ կը նշանակէ, թէ այն բանը, արարքը կամ գործը, որ հանրային բարօրութեան կը ծառայէ, բարոյապէս ընդունելի է: Սա կարելի է նաեւ կոչել «բարոյական չէզոքութիւն» (moralement neutre):
Մաքիավելլի կատարած է սրբութեան փոխանցում մը` բարոյականութենէն դէպի պետական շահը (Raison d՛état): Գիտենք, որ 18-րդ դարու իմաստասէր Էմանուել Քանթի մօտ հիմնականը բարոյական շահն էր (raison morale), Մաքիավելլիի մօտ, սակայն, առաջնայինը պետական շահն է (raison d՛état):
Մեզի համար հիմնական հարց մը ինքզինք կը պարտադրէ այստեղ: Արդեօք պետական շահը միշտ համատեղելի՞ է ժողովուրդի շահերուն հետ: Յաճախ ժողովրդավարութեան թերութիւնները եւ անոր կամայական կիրարկումը կը քողարկեն իրական պատկերը:
Սակայն ինչ որ հաստատ է, կը մնայ այն, որ Մաքիավելլի իր Իշխանին (իշխանութեան) ձեռքերուն մէջ դնելով «Իշխանը» ուղեցոյցը` միեւնոյն ժամանակ ժողովուրդին օգնեց, որ հասկնայ, թէ իշխանութիւնները ի՛նչ կեղծիքներով զինք կը ղեկավարեն: Ան անուղղակիօրէն ժողովուրդը մղեց ինքնագիտակցութեան:
Նման արդիւնք կը գտնենք Էթիեն լա Պոեթիի (Étienne La Boétie 1530-1563) մօտ, երբ իր «Discours sur la servitude volontaire» («Խօսք կամաւոր ստրկութեան մասին») աշխատութեամբ ստրուկները մղեց ինքնագիտակցութեան եւ ապստամբութեան` անոնց տրամադրելով ազատութեան ճամբու քարտէս մը:
Մնացէ՛ք բարի եւ իմաստուն:




