«Հայաստանի ղեկավարութիւնը շարք մը առանցքային հարցերու մէջ երկիմաստ դիրքորոշում որդեգրած է», այս մասին Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնները:
«Բոլոր խօսակցութիւնները, թէ (Ուքրանիոյ մէջ) յատուկ զինուորական գործողութեան լոյսին տակ արտաքին քաղաքականութեան որոշ ուղղութիւններ Մոսկուայի համար երկրորդական դարձած են, որեւէ փաստական հիմք չունին, անոնք զուտ գնահատականներ են, թերեւս անձնական կարծիք կամ զգացական դրսեւորում», յայտարարած է Զախարովա:
Անոր պնդումով` «բացարձակապէս անհասկնալի են Ղարաբաղէն ռուս խաղաղապահներու դուրսբերման մասին դատողութիւնները: Ի՞նչ է, ատիկա Փաշինեանի ցանկութի՞ւնն է: Ան կ՛ուզէ՞, որ այդպէս ըլլայ: Յայտնի է, որ մեր խաղաղապահները կարեւոր գործառոյթներ կը կատարեն` գերիներու փոխանակում, ականազերծում, միջադէպերու հարթում, մարդասիրական օգնութեան ցուցաբերում: Մի՞թէ Հայաստանի ղեկավարութեան տեսանկիւնէն այդ գործունէութեան կարիքը չկայ եւ անիկա անցանկալի է», յայտարարեց Զախարովա:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին համաձայն, «նման բառախաղերու վերջը վատ է: Ռուս խաղաղապահներու գործունէութիւնը կասկածի տակ դնելու նման փորձերը լուրջ հարցեր կը յառաջացնեն` ինչո՞ւ ատիկա կը կատարուի»:
Զախարովա նաեւ անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացի, 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանը Բերձորի միջանցքին մէջ առեւանգելուն եւ կալանաւորելուն, նշեց. «Ատիկա կը բարդացնէ կացութիւնը: Երկրորդ` մենք տեսանք հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերու տրամագծօրէն հակառակ գնահատականները: Երրորդ` մենք կը մեկնինք հաշտեցման կարեւորութենէն թէ՛ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման, թէ՛ Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման ծիրին մէջ», աւելցուցած է ան:
Զախարովա նաեւ յայտնեց, որ Մոսկուան կ՛աջակցի Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան մեկնարկին:
«Մենք կ՛աջակցինք Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ բանակցութիւններու մեկնարկին: Այս նիւթը շահագրգիռ կողմերու հետ մեր հաղորդակցութիւններու օրակարգին վրայ է: Ռուս խաղաղապահները նախապէս օգնած են երկու պատուիրակութիւններու հանդիպումներու կազմակերպման եւ պատրաստ են անհրաժեշտ օգնութեան ցուցաբերումը շարունակելու», ըսած է Զախարովա:
Անոր համաձայն Ռուսիան ոչ մէկ նախապայման կ՛առաջադրէ, ջանասիրաբար կ՛աշխատի մերձեցնելու կողմերու մօտեցումները, որոնք ներկայիս լրջօրէն կը տարբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութեան սրման լոյսին տակ:


