ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.250 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Ալաուի միւֆթի Տըրիանին յանձնեց Եգիպտոսի միւֆթի Շաուքի Ալամէն յղուած հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու համար 18 սեպտեմբեր 2023-ին Գահիրէի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին, որ կը վայելէ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հովանաւորութիւնը եւ կը կրէ «Ֆաթուան եւ երրորդ հազարամեակի մարտահրաւէրները» խորագիրը:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա երէկ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոն, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող սահմանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ի գործ դրած ճիգերը` հակակշիռի տակ պահելու համար ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ մեղմացնելու համար երկու կողմերուն լարուածութիւնը:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը` նախագահական թափուր դրութեան եւ անոր ունեցած հետեւանքներուն լոյսին տակ:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ շեշտեց, որ թիւ 9 նաւթահորի պեղումը կը սկսի օգոստոս ամսուան աւարտին` աւելցնելով, որ նաւթահորերէն պեղուելիք նաւթին ու բնական կազին արդիւնքները կ՛ակնկալենք նախքան 2023-ի աւարտը:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու բանակին վերաբերող հարցեր:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆը` Լիբանանի մէջ դիւանագիտական անոր առաքելութեան աւարտին առիթով:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիան եւ Ալեն Աունը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ երկրին մէջ տիրող նման պայմաններուն պարագային կայ օրէնսդրական նիստեր գումարելու կարիք:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ իրենք բացարձակին մէջ կը մերժեն օրէնսդրական նիստ մը գումարել, բացի եթէ անոր խիստ անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը պէտք է ձախողեցնեն գաղթակայաններուն մէջ սկսած սադրանքներու ծրագիրը:
ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի հաստատեց, որ 4 օգոստոս 2020-ը Լիբանանի ամէնէն սեւ օրերէն կը նկատուի` աւելցնելով, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին բացուած հետաքննութիւնը նահատակներու հոգիներուն համար արդարութիւն կը բերէ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց քաղաքական բոլոր իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Ապտել Ազիզ Սամատը եւ Նեպիլ Պատըրը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուր, որուն հետ քննարկեց Այն Հելուէ գաղթակայանին վերաբերող իրադարձութիւնները:


