Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Լիանա Գիւրջեան, 23 տարեկանէն վար 87 քկ դասակարգի երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 221 քկ արդիւնք մը (96+125), հանդիսացաւ ախոյեան:
Իսկ Պետրոս Պետրոսեան 109 քկ դասակարգին մէջ երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 370 քկ արդիւնք մը (163+207), հանդիսացաւ փոխախոյեան, դարձեալ 23 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Ժուլիեթա Աւանեսեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 87 քկ եւ վեր դասակարգի մրցումներուն, երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 214 քկ արդիւնք մը (96 եւ 118), տիրացաւ պրոնզ մետալին:


