Հայաստանը Ազրպէյճանի նկատմամբ միջանկեալ միջոց կիրարկելու պահանջով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան դիմում ներկայացուցած է Ռաշիտ Բեգլարեանի իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ, կը յայտնէ միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը:
Ռաշիտ Բեգլարեանը մոլորուելու պատճառով յայտնուած էր ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ: Ան 2020 թուականի պատերազմին պատճառով տեղահանուած էր Շուշի քաղաքէն, իսկ վերջին օրերուն կը գտնուէր Շուշիի շրջանի Հին շէն գիւղին մէջ:


