Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժը Արաբական ծոցին մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ վէճի նիւթ եղող Ապու Մուսա, Մեծ Թոնպ եւ Փոքր Թոմպ կղզիները պաշտպանելու կարողութեան բարձրացման համար ռազմափորձերու ձեռնարկած է: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը:
Ռազմափորձերը ընթացք առած են Յեղափոխական պահակագունդի ընդհանուր հրամանատար հազարապետ Հիւսէյն Սալամէի, պահակագունդի ծովուժի հրամանատար ծովակալ Ալի Ռիտա Թանքսիրիի եւ իրանեան զինեալ ուժերու շարք մը հրամանատարներու եւ պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ տեղական պաշտօնատարներու ներկայութեամբ:
«Ֆարս» կը հաղորդէ, որ ռազմափորձը կոչուած է «նահատակ գնդապետ-զօրավար Իսհաք Տարա»-ի անունով, եւ անոր նպատակը «Ծոցի անվտանգութիւնն ու իրանեան կղզիները, յատկապէս Ապու Մուսա կղզին պաշտպանելու» Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժի մարտունակութիւնն ու պաշտպանական կարողութիւնը ցոյց տալն է:
Յիշեցնենք, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախարարական խորհուրդը վերջերս մերժած էր «Իրանի կողմէ երեք կղզիներու բռնագրաւման շարունակութիւնը» եւ «իր կղզիներուն ու ջուրերուն վրայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գերիշխանութեան աջակցութիւն» յայտնած էր:
Խորհուրդը Իրանին կոչ ուղղած էր ընդառաջելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու` հարցը ուղղակի բանակցութիւններու կամ Իրաւարարութեան միջազգային դատարանին դիմելով լուծելու ջանքերուն:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած էր` ընդգծելով Ծոցի շրջանի երեք կղզիներուն վրայ Իրանի գերիշխանութիւնը:


