Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Տաղանդաւոր Բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեանի «Անմահների Ժամանակը» Փաստագրական Ժապաւէնը` Լիբանանի Մէջ

August 3, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Անմահներու փառապանծ ուղին եզերք ու հանգրուան չունի, անիկա սերունդներուն ուղղուած Պատուի ու Պարտքի յարատեւ պատգամն է` ուղղուած առ ՀԱՅՐԵՆԻՔ, առ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»

Բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, ուրբաթ, 28 յուլիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին կայացաւ հայրենի բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեանի «Անմահների ժամանակը» փաստագրական ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՋԱՀ յանձնախումբի ատենապետ Նարէ Գալեմքերեան: Ան նախ ողջունեց ներկաները, ապա նշեց, որ զուգադիպութիւն չէ «Անմահների ժամանակը» փաստագրական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը Լիզպոնի տղոց հերոսական արարքի 40-ամեակի յիշատակութեան առիթով ցուցադրուիլը, որովհետեւ ժապաւէնին մէջ կը տեսնենք Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեամբ դաստիարակուած տղոց անձնազոհութեան գաղափարը:

Այնուհետեւ խօսք արտասանեց հայրենի տաղանդաւոր բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեան: Ան հիմնականօրէն բացատրեց, որ ժապաւէնը կը նկարագրէ իրական պատկերներ` նախքան գումարտակին մեկնիլը ռազմաճակատ, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս շեշտը դրուած է Դաշնակցութեան վաշտերուն մեկնումին վրայ:

Ան դիտել տուաւ, որ շատ կարեւոր է, որ մենք մեր հերոսութիւնները լուսարձակի տակ պահենք, որովհետեւ այդ հերոսութիւններուն ընդմէջէն է, որ նոր սերունդները պիտի կազմաւորուին եւ աւելի յոյսով մեծնան:

Ս. Թադէոսեան նաեւ խօսեցաւ լիբանանահայութեան մասին: Ան ըսաւ, որ թէեւ դժուարութիւններու մէջ է գաղութը, բայց տակաւին յոյսը, կորովը, հաւատամքը պահած է` իր սկզբունքներուն եւ ազգային արժէքներուն նկատմամբ: Ան ողջունեց հայրենի հողին համար պայքարած լիբանանահայ երիտասարդները, յատկապէս յիշեց Գէորգ Հաճեանը, որ հակառակ ոտքէն վիրահատուած ըլլալուն` միացաւ Պռօշեանէն մեկնող կամաւորական ջոկատին եւ հերոսաբար զոհուեցաւ հայրենիքի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ: Բեմադրիչը ողջունեց նաեւ Գէորգ Հաճեանի որդին` Թաթուլ Հաճեանը, որ ներկայ էր սրահին մէջ:

Ապա ցուցադրուեցաւ ժապաւէնը, որուն մէջ նկարագրուած է «Կամաւորական շարժում» գումարտակի առաջին վաշտին մեկնումը յատկապէս շեշտը դրուած ու նուիրուած է «Կամաւորական շարժում» գումարտակի երկրորդ վաշտի առաջին դասակի մարտիկներուն վրայ, որոնք 44-օրեայ պատերազմին Վարանգաթաղի մարտագիծին վրայ բացառիկ սխրանքով կասեցուցին թուրք գրոհայիններու լայնածաւալ յարձակումը` թոյլ չտալով գարշելի  ելուզակներուն թափանցել Մարտակերտ եւ Եղնիկներու պաշտպանական գօտի: Այդ հերոսական կռիւին զոհուած 24 մարտիկներուն 20-ը Պռօշեան համայնքէն էին, անոնց կարգին էր լիբանանահայ, Այնճարի ծնունդ, օփերայի երգիչ Գէորգ Հաճեանը:

Բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեանի «Անմահների ժամանակը» փաստագրական ժապաւէնին մէջ կան իրական իրադարձութիւններ, ջոկատներ, կարեւոր ճակատամարտեր եւ անիկա յատկապէս ձօնուած է Պռօշեան համայնքի քսան զոհուած կամաւորականներու սխրանքին ու անմար յիշատակին:  Ժապաւէնը կը ներկայացնէ 20 նահատակներուն ճակատագիրը:

«Անմահների ժամանակը» վաւերագրական ժապաւէնի Լիբանանի մէջ երկրորդ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 30 յուլիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ:

Այնուհետեւ ժապաւէնը ներկայացուեցաւ նաեւ ԼԵՄ-ի բանակումի մասնակիցներուն, որոնք ոգեշնչուեցան ո՛չ միայն ժապաւէնին հպարտալի, յուզիչ, սակայն` խրախուսալի պատգամէն, այլեւ գոհունակութեամբ ունկնդրեցին Սամուէլ Թադէոսեանի տուած լրացուցիչ մեկնաբանութիւնները` ժապաւէնին մասին:

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Կեանքը Ազգային Բուժարանին Մէջ` Մայիս-Յունիս Ամիսներուն

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.