Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն խօսիլ խաղաղութեան համաձայնագիրի մասին եւ կը շարունակեն հաւատալ, որ անիկա հասանելի է:
Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր:
«Այնուամենայնիւ, մենք միշտ ըսած ենք, որ որպէսզի անիկա հասանելի ըլլայ, երկու կողմերն ալ պէտք է բարդ փոխզիջումներու դիմեն, եւ այդ իսկ պատճառով արտաքին գործոց նախարարը շարունակած է խօսիլ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ալ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հետ` խրախուսելու անոնց դիմել այդ բարդ փոխզիջումներուն, որպէսզի կարենան համաձայնութեան գալ», ըսած է Միլլըր:


