Այս շաբաթ շրջան պիտի այցելէ Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին ի պատասխան յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն` աւելցնելով, որ դիւանագէտը Երեւանի մէջ պիտի քննարկէ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը խաղաղութեան հոլովոյթին եւ տեւական ու արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու լաւագոյն ուղին:
«Ազատութիւն»-ը մասնաւորաբար հետաքրքրուած էր` արդեօք իրականութեան կը համապատասխանե՞ն Ստեփանակերտէն ստացուող տեղեկութիւնները, թէ այս շաբաթ արեւմտեան միջնորդներ պիտի հասնին Երեւան` Պաքուի եւ Ստեփանակերտի ներկայացուցիչներու հանդիպումի հարցերը քննարկելու համար:
Դեսպանատունը ամերիկեան միջնորդութեամբ երէկ Պրաթիսլաւայի մէջ նախատեսուած, սակայն ջնջուած Պաքու-Ստեփանակերտ հանդիպումին մասին հարցումին ուղիղ չէ պատասխանած, միայն նշած է. «Միացեալ Նահանգներ հետեւողականօրէն փաստած են, որ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումը պէտք է ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովումը: Մենք պատրաստ ենք աջակցելու որեւէ հոլովոյթի, որ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն պիտի բերէ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդին»:
Արցախի նախագահին կից հակաճգնաժամային խորհուրդի ղեկավար Տիգրան Պետրոսեան մէկ օր առաջ` 31 յուլիսին յայտնած էր, թէ Ազրպէյճանը ջնջած է 1 օգոստոսին Պրաթիսլաւայի մէջ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի ներկայացուցիչներու հանդիպումը: Արցախի պաշտօնական աղբիւրները ո՛չ հերքած էին, ո՛չ ալ հաստատած էին այս տեղեկութիւնը:
Լուիս Պոնօ շրջան եկած էր նաեւ մայիսին: Ան Պաքուի եւ Երեւանի մէջ քննարկած էր հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման հարցեր:


