Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բոլոր պատասխանատու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` արտօնելու Ղարաբաղի բնակչութեան տրամադրել կարեւոր մարդասիրական օգնութիւն եւ ապահովելու անարգել տեղաշարժ Լաչինի միջանցքով, համաձայն Արդարադատութեան միջազգային դատարանի հրամանին: Այդ մասին նշուած է Հայաստանի մէջ Լիթուանիոյ Հանրապետութեան դեսպանատան Դիմատետրեան էջին վրայ:
«Մենք չենք կրնար արտօնել, որ մարդասիրական ճգնաժամը ծաւալի», նշուած է գրառումին մէջ:


