Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ նախկին դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Տոհայի մէջ գումարուած հնգակողմանի ժողովը յստակ էր` այն իմաստով, որ Լիբանանի խորհրդարանն է հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարելու պատասխանատուն` սահմանադրութեան ճշդած շրջագիծին մէջ:
Ան դիտել տուաւ, որ հինգերու այս ժողովէն ետք շօշափելի է, թէ յամառութեան աստիճանը հետզհետէ կը նուազի, ներկայ ջանքերը տարբեր են անցեալէն, իսկ Լիբանանի համար յատուկ ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի կողմէ Լիբանանին պիտի առաջարկուի փրկութեան ծրագիր:
«Լիբանանի մէջ այսօր դրսեւորուած յամառութիւնը հայրենակերտում չէ, իսկ կայ ծածկ մը, որ կ՛երաշխաւորէ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը, եւ անիկա կը կոչուի Թաէֆի համաձայնագիր, որուն պահպանումը անհրաժեշտ է», հաստատեց ան:
Ասիրի նշեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը լիբանանցիներուն կողմէ մշակուած փաստաթուղթ է, եւ անոր բովանդակութիւնը խեղաթիւրելու որեւէ փորձ կրնայ Լիբանանը դէպի մութ փապուղի առաջնորդել:
Ասիրի նկատել տուաւ, որ երկխօսութիւն կատարելու իմաստով Լիբանանի մէջ հարց գոյութիւն ունի, որովհետեւ յամառութեան խնդիր կայ: «Կը փափաքիմ, որ քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւն մը ըլլայ այնպիսի միջոցներով, որ կարելի ըլլայ զայն երկխօսութեան յանգեցնել` ընտրելու համար հանրապետութեան նախագահը», հաստատեց ան:
Ասիրի նկատել տուաւ, որ հանրապետութեան նախագահին ընտրութեան կողքին, պէտք է ճշդել նաեւ վարչապետն ու կառավարութեան կազմը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պէտք է կազմել մասնագէտներով: «Կը մաղթենք, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ պատժամիջոցներ չեն պարտադրուիր, որովհետեւ անոնք իսկապէս ծանր պիտի ըլլան Լիբանանի մէջ քաղաքական ուղին խանգարողներուն համար: Անոնց ծանրութիւնը արդէն իսկ երեւցաւ Եւրոպական խորհրդարանի որոշումին ընդմէջէն», աւելցուց ան:
Ասիրի յայտնեց, որ ինք կը հաւատայ, թէ նախագահական ընտրութեան թեկնածուներ` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի եւ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի փուլը աւարտած է, եւ հասած է այն փուլը, որ Լիբանանի հանրապետութեան յաջորդ նախագահը պէտք է ընդունուած ըլլայ ե՛ւ ներքին, ե՛ւ արտաքին առումով:


