Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եռակողմ Հանդիպումի Ընթացքին. Լաւրով. «Կողմնակից Ենք, Որ Բոլոր Եռակողմ Համաձայնագիրները Ամբողջութեամբ Եւ Փոխյարաբերուած Յարգուին Ու Կիրարկուին»

July 26, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կողմնակից ենք, որ բոլոր եռակողմ համաձայնագիրները ամբողջութեամբ եւ փոխյարաբերուած յարգուին ու կիրարկուին: Այս մասին Մոսկուայի մէջ եռակողմ հանդիպումի բացման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

Լաւրով նշած է, որ Ռուսիան ամբողջութեամբ շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեամբ եւ կայունութեամբ: «Կողմերու համաձայնութեամբ, որ ինչպէս կը հասկնամ, հաստատուած է, մենք պիտի շարունակենք մեր ջանքերը` ուղղուած հայ-ազրպէյճանական սահմանին կացութեան կայունացման, մարդասիրական խնդիրներու լուծման, տնտեսական ու փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, ինչպէս նաեւ քաղաքային հասարակութեան, քաղաքագէտներու եւ խորհրդարանականներու միջոցով մարդոց հաղորդակցութիւններու զարգացման», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

«Այսօր ես պիտի ուզէի ձեզ հրաւիրել միտքեր փոխանակելու այն մասին, թէ այժմ ո՛ւր է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու հոլովոյթը: Մենք պատրաստ ենք ամէն ձեւով օգնելու ատոր համակարգման գործին մէջ` օգտագործելով մեր փորձագիտական ներուժն ու լաւ յարաբերութիւնները այստեղ ներկայացուած մեր բարեկամներու հետ», ընդգծած է Լաւրով:

Եզրափակելով` ան ըսած է. «Կ՛ակնկալենք, որ այս բոլոր հարցերը պիտի քննարկենք գործնապաշտ, կառուցողական մթնոլորտի մէջ»:

Միրզոյեան իր կարգին նշած է, որ Արցախի մէջ լուրջ մարդասիրական ճգնաժամ է, որ շատ մօտ է իսկական մարդասիրական աղէտին:

«Կացութիւնը ժամ առ ժամ կը վատանայ: Արցախ ո՛չ սննդամթերք, ո՛չ դեղորայք կը հասնի: Պարբերաբար կ՛անջատուի կազն ու ելեկտրականութիւնը: Եթէ Ազրպէյճանը չապաշրջափակէ Արցախը, ապա մարդասիրական աղէտը իր բացասական հետեւանքները պիտի ունենայ նաեւ բանակցային հոլովոյթին վրայ», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Լաւրով. «Ռուսիան Կը Գնահատէ, Որ Ազրպէյճանը Կը Հասկնայ Ղարաբաղի Մէջ Հայերու Իրաւունքներու Եւ Անվտանգութեան Ապահովման Անհրաժեշտութիւնը»

Յաջորդը

Համաժողովրդական Հանրահաւաքներ` Երեւանի Եւ Ստեփանակերտի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.