Յունաստանի Կլիմայի փոփոխութեան եւ քաղաքային բնակչութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը վտանգի բարձրագոյն` կարմիր մակարդակ յայտարարած է Հռոդոս կղզիին մէջ:
Ծայրայեղ տաքին պատճառով անտառային հրդեհները այնտեղ կը շարունակուին արդէն շուրջ մէկ շաբաթէ ի վեր: Այժմ Յունաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն մեկուսացնել 82 անտառային հրդեհներ, որոնցմէ 64-ը բռնկած է 23 յուլիսին:
Բացի Հռոդոսէն, սպառնալիքի մակարդակը բարձրացած է Կրետէ կղզիին մէջ: Այս մասին հաղորդեց «Ի.Առ.Թի. Նիուզ»-ը: Այժմ կղզիին վրայ կը գործէ վտանգի հինգ հաւանական մակարդակներէն չորրորդը:
Շաբաթավերջին Հռոդոսէն աւելի քան 30 հազար մարդ հեռացուած է: Ասիկա Յունաստանի մէջ երբեւէ իրականացուած մեծագոյն փրկարարական գործողութիւնն է: Օդանաւային ընկերութիւնները ջնջած են դէպի Հռոդոս բոլոր թռիչքները:


