Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաք-Շուէտ Պայթումին Լոյսին Տակ

July 26, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Իրաքի եւ Շուէտի միջեւ դիւանագիտական (քիչ մըն ալ աւելի) տագնապ մը պայթեցաւ հինգշաբթի, 20 յուլիսին, երբ խումբ մը ցուցարարներ` ծանօթ կրօնական ղեկավար Մոքթատա Սատրի հետեւորդները, գրաւեցին Պաղտատի շուէտական դեսպանատունը, այրեցին զայն,  ծանր վնասներ պատճառեցին եւ պահանջեցին, որ կառավարութիւնը արտաքսէ դիւանագիտական ներկայացուցիչները: Կառավարութիւնը ընդառաջեց եւ քայլ մըն ալ անդին երթալով` տուն կանչեց Սթոքհոլմի մէջ իր դիւանագիտական ներկայացուցիչը: Դիւանագէտները անվնաս հեռացեր են Պաղտատէն…

Ի՞նչ էր ցուցարարներուն զայրոյթին պատճառը եւ ինչո՞ւ «պայթում» որակեցինք եղածը:

Իրաքցիք (եւ իրենց պէս շատեր) իմացած էին, որ դարձեալ հակաիսլամական արարք մը խմորուած է Շուէտի մայրաքաղաքին մէջ. իրաքցի գաղթական մը, որ յունիս 28-ին Քորանի (իսլամներուն սրբազան մատեանը) այրած էր Իրաքի դեսպանատան դիմաց` սկիզբ տալով նորագոյն լարուածութեան, եւ ահա, հինգշաբթի խումբ մը համախոհներ հաւաքած է եւ պիտի կրկնէ մատեանը այրելու արարքը: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ այս անգամ գաղթականն ու ընկերները բաւականացած են միայն Քորանէն էջեր պատռելով եւ Իրաքի դրօշը այրելով: Ան Իրաքի դեսպանատան մօտ առաջնորդուած է… շուէտացի ոստիկաններու հսկողութեան տակ:

Իրաքցիներուն հետ ամբողջ իսլամական աշխարհը խռովքի մատնուած է, կը պահանջէ, որ Շուէտի եւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ վերջ գտնեն իսլամին դէմ նման քարոզչական արարքներ: Ձայնակիցներուն շարքին էին` Իրանը, Սէուտական Արաբիան, Մարոքը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ… Թուրքիան:

Բնական է, որ ո՛չ միայն իսլամները, այլ նաեւ որեւէ կրօնի հետեւորդ ազնիւ մարդիկ դրական բան չտեսնեն իրաքցի ցուցարարին կամ այլոց կողմէ Քորան այրելու կամ ոտնատակ ընելու արարքներուն մէջ, որոնք յաճախակի դարձած են եւրոպական ոստաններու մէջ եւ կը պաշտպանուին` իբրեւ «կարծիքի ազատութեան» արտայայտութիւն:

Ուշագրաւը այն է, որ այս անգամ ֆրանսական թերթ մը կամ ծայրայեղական վոհմակներ չեն արարքին հեղինակը, այլ… իրաքցի գաղթական մը: Ու եթէ բանիմաց ու շրջահայեաց մարդիկ պահ մը հարց տան, թէ ո՞վ կրնայ կանգնիլ իրաքցիի՛ մը ձեռքով իրականացող նման արտառոց արարքներու ետին, ո՞վ շահ ունի կրօնական հակադրութիւններ հրահրելու մէջ, դժուար չէ մեղսակիցները, բուն յանցաւորները գտնելը, այսինքն` անոնք, որոնք ընդհանրապէս հակաիսլամական գրգռութիւններ կը հրահրեն Եւրոպայի, Ամերիկաներու կամ այլ ցամաքամասերու վրայ:

Ուշագրաւ է նաեւ այն, որ Պաղտատի ցուցարարները երկու անգամ չեն մտածած, թէ իրենց յարձակումը կրնայ դիտուիլ իբրեւ ահաբեկչական արարք, այն տեսակէն, զոր «քաղաքակի՜րթ աշխարհ»-ը պատրաստ է դատապարտելու` իբրեւ ոճրային ահաբեկչութիւն, առանց երկար-բարակ մտածելու: Ցուցարարները հաւանաբար լիովին վստահ չէին, որ կառավարութիւնը պիտի ընդառաջէր շուէտացիները արտաքսելու իրենց պահանջին, սակայն արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ կառավարութեան տեսակէտը համահունչ էր իրենց զայրոյթին:

***

Մեր ուշադրութենէն չի վրիպիր, որ Թուրքիա եւս մաս կը կազմէ Շուէտը դատապարտողներու ցանկին: Սա այն Թուրքիան է, որ շաբաթ մը առաջ, հազար նազ-ճիլվէ ընելէ ետք, վերցուց ՕԹԱՆ-ին Շուէտի անդամակցութեան դէմ իր վեթոն: Եւ ահա առաջին իսկ առիթով, կը փորձէ «բաժնետոմսեր» շահիլ արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ:

Սա նաեւ ա՛յն Թուրքիան է, որ Այա Սոֆիայի տաճարը օր ցերեկով մզկիթի վերածեց, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մնացած մեր հազարաւոր մշակութային կոթողները կը փոշիացնէ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՈՎ, մօտաւորապէս երեք տարի առաջ հազարաւոր ոճրագործ ահաբեկիչներ ղրկեց Արցախ` իր ազերի «եղբայրներուն» հետ հայեր կոտորելու առիթը չփախցնելու համար, այսօ՛ր ալ կը հովանաւորէ արցախեան գրաւեալ գօտիին մէջ հայութեան հետքերու ջնջման Պաքուի ՊԵՏԱԿԱՆ ծրագիրը: Այս բոլորով Թուրքիա պատմութիւն կերտած է ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՄԲ:

Սա նաեւ ա՛յն Թուրքիան է, որուն հետ Երեւանի իշխանաւորները կը փորձեն «լեզու գտնել», թէեւ ամէն օր կը տեսնեն եւ կը լսեն, որ Անգարա անշեղօրէն յառաջ կը տանի իր համաթուրանական ծրագիրները: Թուրքիոյ ակնոցով, հայուն քրիստոնեայ կամ այլ կրօնի պատկանիլը չէ հարցը. Թուրքիոյ համար կրօնական դիմակը մի՛շտ ալ օգտագործելի խաղաքարտ է եղած, իր կայսերական` դրացիներուն հողերը բռնագրաւելու եւ անոնց ժողովուրդը ջարդելու, բնաջնջելու համար:

Ճի՛շդ է` մեր քրիստոնեայ ըլլալը յաւելեալ խաղաթուղթ մըն է Անգարայի երէկի ու այսօրուան կայսերականներուն ձեռքին մէջ, սակայն, եկէ՛ք, հարց տանք. քրիստոնեա՞յ են քիւրտերն ու եզիտիները, քրիստոնեա՞յ են սուրիացիներն ու իրաքցիները, եգիպտացիներն ու լիպիացիները (չշարունակենք), կամ` կիպրացիներուն ու յոյներուն քրիստոնեայ ըլլա՞լն է հիմնական պատճառը, որ Թուրքիա անոնց դէմ տասնամեակներէ ի վեր աննահանջ կերպով կը կիրարկէ հալածանքի, բռնագրաւման, ջարդի ու ցեղասպանական տարողութեամբ բռնարարքներ, իսկ քաղաքակի՜րթ աշխարհը, ներառեալ` «քրիստոնեայ աշխարհը», կը խաղայ լուռ հանդիսատեսի, քաջալերողի՛ դեր:

***

Իսկ ո՞ր սառնարանին մէջ կը մնայ մեր` հայերո՛ւս զայրոյթը, հակառակորդը ձեւով մը ցաւցնելու ունակութիւնը, երբ ականատես ենք, որ թուրք-ազերիական ծրագիրներուն հլու կամակատարը դարձած Երեւանի իշխանաւորները կը շարունակեն «խաղաղութիւն պիտի բերենք»-ի իմաստազրկուած յանկերգները:

Հայութեան զայրոյթը ինչո՞ւ ուժեղ դրսեւորում չի գտներ, երբ ազգովին ականատես ենք, որ Արցախի 120.000 բնակիչները աւելի քան 200 օրէ ի վեր առնուած են մահացու պաշարման օղակի մէջ, չեն կանգնիր ցեղասպանութեան սեմին, այլ ցեղասպանութիւնը արդէն գործադրութեան սկսած է կաթիլ-կաթիլ. կայ սովի վտանգը, կայ բժշկական կարիքներու զրկանքը, կայ զանգուածային բռնագաղթի ազերիական «փոխընտրանքը», եթէ արցախցիք շարունակեն մերժել ազրպէյճանական քաղաքացիութիւն (որ այլապէս ցեղասպանութիւնը լրումին հասցնելու նախերգանք մը պիտի ըլլայ պարզապէս): Հայուն զայրոյթը ինչո՞ւ կը նախընտրէ քնացած մնալ, երբ հարիւրաւոր գերիներու ճակատագիրը կը մնայ անորոշ, թողլքուած, Հայաստանէն հողեր բռնագրաւուած են, վաղը նորեր պիտի աւելնան անոնց վրայ` Երեւանի իշխանաւորներուն «խաղաղասիրական» ծրագիրներուն ճամբով: Որքա՞ն պէտք է հանդուրժենք, որ «խաղաղութիւն կը բերենք»-ին դիմաց, հարիւրաւոր զոհեր աւելնան մեր նահատակներուն ցանկին, արցախեան եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններ մնան կրակոցներու թիրախ, կեանքը սառի այդ շրջաններուն մէջ:

Արդեօք ծայրայեղականութի՞ւն պիտի ըլլայ ակնկալելը, որ պահանջուի ազերիական «փոխընտրանքներ» մատուցողներուն Հայաստանէն հեռացումը, կամ բողոքի ազդու քայլեր առնուին անոնց ներկայացուցչութիւններուն դէմ…

***

…Կար ժամանակ, երբ «ելք ու ճար» չգտնող քաջարի հայորդիներ կը հետեւէին «խենթերն են գտնում հնար» ընտրանքին: Հայաստանն ու հայութիւնը վերջնականապէս քարտէսէն ջնջելու թրքական ծրագիրին դէմ, ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ բռունցք կը դառնար Սարդարապատի մէջ ու կը յաղթէր առանձինն: Երբ Ցեղասպանութեան հեղինակները դատուելէ եւ մինչեւ իսկ մահուան դատապարտուելէ ետք կը ճողոպրէին արդարութեան ձեռքէն, քանի մը «խենթեր» իրենց ուսին կ՛առնէին զանոնք հետապնդելու եւ շանսատակ ընելու առաքելութիւնը, կը յաղթէին եւ կը դառնային ազգային հերոս, կը միանային Սարդարապատի եւ կանխող հերոսամարտերուն, ԱՆՀԱՒԱՍԱՐ ճակատումներուն մէջ յաղթանակ տարած հերոսներու փաղանգին: Նման զայրոյթի եւ արդարահատուցման «խենթ արարքներ» տեղի ունեցան նաեւ 40-50 տարի առաջ, եւ Թուրքիա ու անոր կողքին կանգնած աշխարհը հաշուի առին հայութեան պահանջները… Մինչդեռ այսօր, համատարած կրաւորականութեան դիմաց, թուրք-ազերիէն շահեր հետապնդողները ամէն օր հայավնաս «այլընտրանքային» ձեւեր կը հնարեն եւ ձայնակիցներ կը գտնեն հայկական բեմին վրայ. դիմադրողներու կը տրուին «ռեւանշիստ», «պատերազմասէր», «խաղաղութիւն մերժող» եւ այլ անհիմն որակումներ:

Համայնավարներու օրերէն սկսած այլասերումի ալիքը ո՛ւր հասցուցած է մեր ազգը` Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին, որ զանգուածներ իրենք զիրենք դրած են դիտող հանդիսատեսի դերին մէջ, արհամարհանքով ու քմծիծաղով կ՛արձագանգեն հայրենիքի ու ազգի փրկութեան կոչերուն, նախաձեռնութիւններուն, ու այդ բոլորը բաւարար չըլլային կարծէք` արդարատենչ ընդդիմադիրները կը դառնան քննադատութեան, խծբծանքի եւ արհամարհանքի նշաւակ:

***

Ո՛չ, իսկական հայը այդպէս չէ. պատմութիւնը կը վկայէ, որ այդպէս չէ եղած: Ինքնակործանման, ինքնալքումի այս երթը չի կրնար ու պիտի չշարունակուի երկար: Հայը աւելի քան դար մը առաջ հասած էր այն գիտակցութեան, որ օտարէն օգուտ չի կրնար ըլլալ, եթէ դուն չսկսիս ձեռքովդ քերել գլուխդ: Այս գիտակցութիւնը թմրութեան մատնողները` իշխանաւոր թէ այլք, չեն կրնար շարունակել թշնամիին ու անոր հովանաւորներուն լարերուն վրայ պարը: Անոնց խաբէութեանց ու ստապատիր քարոզներուն ամէնէն հաւատարիմ հետեւորդն անգամ, ուշ կամ կանուխ, զգաստութեան պիտի գայ եւ պատռէ դիմակները, ինչպէս որ աշխարհէն ալ կը սպասուի պատռել թուրքի՛ն դիմակը:

20 յուլիս 2023

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մատթէոս Ա. Կոստանդնուպոլսեցի` Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. Արցախը Ելիզաւետպոլի Ու Պաքուի Կապելու Եւ Ազգային Կեդրոնացումներէն Խուսափելու Քաղաքականութիւն

Յաջորդը

Կրթական Հոգեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.