Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Հայաստան Իսկապէս Կարեւոր Յայտարարութիւն Կատարած Է, Կը Մնայ Միայն Զայն Փոխանցել Թուղթին Եւ Ստորագրել»

July 25, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ ձեռք բերուիլ մօտիկ ապագային: «Թերթ»-ի համաձայն, ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Ինչո՞ւ ես այդպէս կը կարծեմ, որովհետեւ անոնք կը ճանչնան Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը 86.600 քառակուսի քիլոմեթր տարածքին մէջ, որ կ՛ընդգրկէ Ղարաբաղը եւ Հայաստանի տարածքին մէջ ութ ազրպէյճանական միջերկիրները: Ասիկա իսկապէս կարեւոր յայտարարութիւն է, որմէ ետք կը մնայ միայն զայն փոխանցել թուղթին եւ ստորագրել», ըսած է Ալիեւ:

«Կը կարծեմ, եթէ անոնք իրականութեան մէջ նկատի ունին այն, ինչ որ կ՛ըսեն, եթէ հերթական քաղաքական խուսանաւում չէ, եթէ այս հոլովոյթը ձգձգելու փորձի հին պատմութեան կրկնութիւնը չէ, ապա մենք կրնանք խաղաղութեան պայմանագիրի հասնիլ եւ մինչեւ տարեվերջ զայն ստորագրել», աւելցուցած է Ալիեւ:

Խօսելով Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն մասին` ան ըսած է. «Անոնց իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պիտի ապահովուին Ազրպէյճանի սահմանադրութեան հիման վրայ»:

«Հայերը, որոնք կը բնակին Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանին մէջ, պիտի ունենան նոյն իրաւունքներն ու անվտանգութեան երաշխիքները, ինչ որ Ազրպէյճանի միւս քաղաքացիները ունին: Կը կարծեմ, որ ատիկա ամբողջովին կը համապատասխանէ միջազգային օրէնքի արժեչափերուն: Եւ ես կը կարծեմ, որ միջազգային ընտանիքը կը պաշտպանէ Ազրպէյճանի այս դիրքորոշումը», եզրափակած է Ալիեւ:

 

Նախորդը

Միքաթի Նախագահեց Կառավարութեան Նիստին Եւ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչներուն Հետ

Յաջորդը

Քենաանի. «Իրան Կ՛ողջունէ Հայ-Ազրպէյճանական Բանակցութիւնները Եւ Պատրաստ Է Օգտագործելու Իր Կարողութիւնները Հարաւային Կովկասի Մէջ Կայուն Խաղաղութեան Հասցնելու Համար»

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.