Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի ընդհանուր ապահովութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆին, որուն ընկերակցեցաւ սենտիքայի վարչութիւնը:
Քսսայֆի դրուատեց Պայսարիի ստանձնած պատասխանատուութիւնը` Լիբանանի դիմագրաւած այս ծանր պայմաններուն ընթացքին: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն թղթածրարները, որոնք լիբանանցիներուն համար գոյութենական հարց են եւ սպառնալիք: Այդ հարցերէն է սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, որուն հիմնական ընդդիմացողը ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնն է:
Հանդիպումին քննարկուեցան նաեւ անցագիրներուն վերաբերող խնդիրներ եւ ազգային այլ հարցեր:
Քսսայֆի բարձր գնահատեց Ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութեան աշխատանքը եւ երկրին ապահովութեան պաշտպանութեան նկատմամբ այդ կառոյցին յանձնառութիւնը, «սակայն մեզի մտահոգող հիմնական հարցը սուրիացի տեղահանուածներու խնդիրն է», ըսաւ ան:
Պայսարի իր կարգին յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը ապահովական վարչական եւ քաղաքական մակարդակներու վրայ իր բոլոր պարտականութիւնները կը կատարէ: «Մենք հպարտ ենք, որ այս բոլորը կրնանք կատարել, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն:
Ան հաստատեց, որ անձնական մակարդակի վրայ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի նոր անցագիրներուն համար ֆինանսաւորում ապահովելու: «Անցագիրներու տագնապ չկայ, սակայն հարցը դիմորդներու մեծ թիւն է: Իսկ մեր մօտ կան տեղեկութիւններ, որ անցագիրներու դիմում ներկայացուցած եւ անցագիր ստացած քաղաքացիներուն 66 առ հարիւրը չեն օգտագործած իրենց անցագիրները», յայտնեց ան:
Պայսարի անդրադարձաւ նաեւ հարաւային Լիբանան կատարած իր այցելութեան` աւելցնելով, որ իրենք ամրապնդուած կապեր ունին ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ, եւ ընդգծեց, որ իրենց միջեւ կայ հեզասահ գործակցութիւն:
Պայսարի նկատել տուաւ, որ սահմանային Կապոյտ գիծը միջազգային սահմանագիծ չէ, այլ` նահանջի սահմանագիծ, որ պէտք է կայուն պահուի` հեռու ամէն տեսակի խախտումէ եւ ոտնձգութենէ:
Սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պայսարի յայտնեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր պահանջին` ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատարին մօտ տեղահանուածներուն մասին գոյութիւն ունեցող բոլոր տեղեկութիւնները ստանալու իմաստով: «Այդ տեղեկութիւնները կարեւոր են, յատկապէս` նորածիններու թիւին առումով, որովհետեւ վտանգաւոր են», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանան գաղթականներու երկիր չէ, իսկ մենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք պաշտպանելու համար Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերը, ինչպէս նաեւ հատուցելու նախորդ տարիներուն Լիբանանի ունեցած կորուստները:
Պայսարի շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու հարցը կը լուծուի Սուրիոյ, Լիբանանի եւ միջազգային ընտանիքին միջեւ գործակցութեամբ:
«Եւրոպական խորհրդարանի վերջին որոշումը իրապաշտ չէ եւ ոչ ոք կը պարտաւորեցնէ: Մենք այդ որոշումին դէմ պիտի պայքարինք բոլոր միջոցներով` պահպանելու համար Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերը: Լիբանանի շահերուն դէմ կայացուող ոչ մէկ որոշումի պիտի ենթարկուինք, եւ իմ կարծիքովս` երկիրը նման որոշում չի կրնար հանդուրժել», ըսաւ ան:
Պայսարի նկատել տուաւ, որ սուրիական կողմը բնաւ հարց չունի կամովին տունդարձ կատարող քաղաքացիները ընդունելու եւ զանոնք ապահով վայրեր ուղարկելու:
Ան աւելցուց, որ 30 նոյեմբեր 2017-էն ի վեր կամովին եւ անվտանգ կերպով տունդարձ կատարած են 21,706 սուրիացիներ:
Պայսարի շնորհակալութիւն յայտնեց Քսսայֆիին` աւելցնելով, որ Խմբագիրներու սենտիքան նախանձախնդիր կը մնայ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան լուրերը ճշգրիտ ներկայացնելու:
Ան մաղթեց, որ երկուքին միջեւ գործակցութիւնը շարունակուի, եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց լրատուամիջոցներուն տրամադրելու բոլոր այն տեղեկութիւնները, որոնց կարիքը կը զգացուի:


