ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 92.000 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր հաստատեց, որ երկիրը կը գտնուի տնտեսական փլուզումի սեմին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակումին առումով իրենք կը զօրակցին սահմանադրական եւ օրինական առանցքի որդեգրումին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչ մը նշանակելու: Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութեան պարտականութիւնն է նշանակել Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչը, իսկ քաղաքական ուժերը պէտք է դիւրացնեն այդ հոլովոյթը` հեռու մնալով պաշտօնները բաժնեկցելու տրամաբանութենէն եւ փոխադարձ վեթոներէն:
ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի հաստատեց, որ ընդունելի չէ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներուն կողմէ շահագործել իրենց պաշտօնը, իսկ պատասխանատուութիւն ստանձնելու պարագային` փախուստի դիմել:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ զգուշացուց Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներուն կողմէ իրենց պատասխանատուութիւնը չստանձնելու վտանգէն:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ դրամատուներու համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ուիսամ Ֆաթթուհ շեշտեց, որ Լիբանան խոստմնալից երկիր է` աւելցնելով, որ կան իրաքեան եւ յորդանանեան դրամատուներ, որոնք պատրաստ են լիբանանեան դրամատուները գնելու:


