Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախարարութիւնը ստանձնելէ ի վեր իրենց նպատակը եղած է լիբանանեան ներքին ապահովական կայունութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն արաբական երկիրներուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն ապահովութիւնը վտանգի ենթարկելու քայլերը արգիլելը:
«Լիբանան պէտք է պատասխանատուութեամբ վարուի եւ Ծոցի երկիրներուն նուիրուածութիւնն ու հաւատարմութիւնը փոխադարձէ: Հետեւաբար նախարարութիւնը առաջին իսկ օրէն յանձնառութիւն վերցուց Լիբանանը չվերածել Ծոցի երկիրներուն ապահովութիւնը թիրախ դարձնող մարտկոցի», հաստատեց Մաուլաուի:
Ան շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը, Ներքին ապահովութեան ուժերն ու զինուորական կառոյցները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` պայքարելու համար թմրեցուցիչի մաքսանենգումին դէմ` պաշտպանելու համար լիբանանցիներուն եւ արաբական երկիրներուն ընկերային անվտանգութիւնը:
Մաուլաուի դրուատեց ապահովական եւ ոստիկանական կառոյցներուն, յատկապէս Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին արձանագրած նուաճումները` թմրեցուցիչի մաքսանենգումին եւ ոճիրներուն դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ առեւանգուած քաղաքայինները ազատ արձակելու առումով` ըլլան անոնք լիբանանցիներ կամ օտարերկրացիներ:
«Թմրեցուցիչը լիբանանեան հասարակութեան համար նոյնքան վտանգաւոր է, ինչքան ոճիրներն ու ահաբեկչութիւնը, հետեւաբար կառավարութիւնը, ապահովական կառոյցները եւ քաղաքացիական ընկերութեան միութիւնները միասնաբար գործակցելով կրնան յաղթել թմրեցուցիչի գործածութեան վտանգաւոր ախտին», ըսաւ ան:
Մաուլաուի աւելցուց, որ նախարարութեան արձակած խիստ հրահանգը ազդու դերակատարութիւն ունեցաւ բացայայտելու հսկայ քանակութեամբ թմրեցուցիչը, որ պիտի ուղարկուէր Ծոցի երկիրներ` ցամաքային, ծովային թէ օդային ճամբով:
Ան նկատել տուաւ, որ ներքին գործոց նախարարութեան յանձնառութիւնը` օրէնքը գործադրելու եւ Լիբանանի շահերուն ու անոր վարքին ի խնդիր գործելու, յաջողեցաւ զսպել թմրեցուցիչի մաքսանենգումի վտանգաւոր գործողութիւնները, որոնք կը սպառնային Լիբանանի ապահովութեան, ինչպէս նաեւ թմրեցուցիչի գործածութեան պատերազմին ենթարկուող արաբական հասարակութիւններուն անվտանգութեան:
«Թմրեցուցիչ մաքսանենգելու գործողութիւններուն ձախողութիւնը օր մը օրանց կանգ չէ առած, եւ մենք շաբաթական դրութեամբ նման մաքսանենգումներ կ՛արգիլենք: Մեծ թիւով թմրեցուցիչի բացայայտումը ցոյց կու տայ Լիբանանի արձանագրած յաջողութիւնը` այս թղթածրարին առումով: Լիբանան կը նկատուի արաբական երկիրներու պաշտպանութեան առաջնագիծը` թմրեցուցիչի մաքսանենգումին իմաստով», հաստատեց ան:
Մաուլաուի շեշտեց նաեւ, որ Ներքին ապահովութեան ուժերուն, Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին, Պէյրութի մաքսատան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին միջեւ համագործակցութիւնը այս շրջագիծին մէջ հեզասահ է, եւ այդ պատճառով այդ գործողութիւնները յաջողութեամբ կ՛ընթանան:
Մաուլաուի յայտնեց, որ 2022-էն ի վեր կարելի եղած է ձախողութեան մատնել դէպի Սէուտական Արաբիա եւ Ծոցի երկիրներ ուղղուելիք աւելի քան 50 մաքսանենգումի գործողութիւններ, որոնց ընթացքին գրաւուեցան շուրջ 28 միլիոն քեփթակոն դեղահատ, շուրջ 17 հազար քկ հաշիշ, ինչպէս նաեւ մեծ քանակութեամբ քոքային:
Ան աւելցուց նաեւ, որ այս գործողութիւններուն մեղսակցող յանցագործներուն թիւը եւս մեծ է` աւելցնելով, որ 2017-էն ի վեր ձերբակալուած են շուրջ 20 հազար յանցագործներ:


