Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դէպի Հայք» (Birthright Armenia) Ծրագիրը` Երաշխաւորը Սփիւռքահայուն

July 25, 2023
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Կեանքի որեւէ մէկ հանգրուանի, անորոշութեան զգացում մը կրնայ այցելել մեզի, եւ յաճախ առօրեայի յարակրկնութեան մը մէջ կրնանք մնալ կախուած. օգնութեան համար երկարող ձեռքեր կը պակսին, եւ ուղեցոյցի մը կարիքը կրնանք զգալ:

Մեր ասպարէզին եւ նախասիրութիւններուն համընկնող նոր փորձառութիւն մը կը փնտռենք եւ ծանօթանալու փափաք մը կ՛ունենանք` նոր դէմքերու, նոր միջավայրի եւ նոր դիտանկիւնի:

Պատկերացուր կողմ մը, որ կ՛երաշխաւորէ այդ բոլորը քու տրամադրութեան տակ դնելու կարելիութիւնը, եւ այդ ալ Հայաստանի մէջ` հայրենի հողին վրայ:

Հայ երիտասարդ մըն ես սփիւռքի մէջ ապրող` երկրորդական կարգի շրջանաւարտ, տակաւին համալսարանական, կամ համալսարանաւարտ, բայց դեռ 32 տարեկանը չես բոլորած, եւ կը կարծե՞ս, թէ վերոյիշեալ տողերը քեզի համար գրուած են, ապա քու ամէնէն հաւանական հասցէն «Դէպի Հայք» ծրագիրն է` Birthright Armenia-ն:

Համագործակցելու եւ կամրջելու ծրագիր մըն է այս մէկը, ուր կը մէկտեղուին պահանջն ու մատակարարումը եւ անոնց առընթեր աշխատանք կը տարուի անհատ-մասնակիցին ծանօթացնելու` Հայաստանի բնութիւնն ու ժողովուրդը, ապրելակերպը եւ կենցաղը:

«Ազդակ» կապ հաստատելով ծրագիրի վարիչ-տնօրէն Սեւան Գապագեանի հետ` փորձեց լուսարձակի տակ առնել սոյն ծրագիրը եւ անոր ընծայած առիթներն ու դիւրութիւնները:

Birthright Armenia» ծրագիրը սփիւռքահայ երիտասարդութեան ուղղուած ծրագիր մըն է: Սոյն ծրագիրը լուսանկարչութեան, նկարահանման, ծանուցողական բնագաւառի, բժշկութեան, քարոզչութեան, ընկերային ծառայութեան, կրթութեան, քաղաքագիտութեան, իրաւաբանութեան, ճարտարապետութեան, արուեստի, տնտեսագիտութեան եւ շատ մը այլ բնագաւառներու մէջ փորձառութիւն ունենալու առիթը կ՛ընծայէ սփիւռքահայ երիտասարդին` կամաւորական փորձաշրջանի մը միջոցով:

Այս ծրագիրին մաս կազմելու համար նուազագոյնը անհրաժեշտ է միայն ու միայն երկրորդականի (պաքալորէայի) վկայական մը: Սփիւռքահայ մասնակիցին տարիքը պէտք է ըլլայ 21-32-ի միջեւ:

Իսկ նման պարագայի ո՞րն է բնականաբար հիմնական մտահոգութիւնը երիտասարդին. երթեւեկ եւ կեցութեան ծախս: Սակայն այդ երկուքն ալ մտահոգութեան առարկայ պէտք չէ ըլլան, որովհետեւ ծրագիրը կ՛ապահովէ ե՛ւ Հայաստան երթեւեկը, ե՛ւ այնտեղ կեցութիւնը:

«Դէպի Հայք»-ը սկիզբ առած է աւելի քան 20 տարիներ առաջ, Հայաստանի մէջ: Ցայսօր անոր հիմնական նպատակն ու մարտահրաւէրն է սփիւռքահայ երիտասարդութեան եւ Հայաստանի միջեւ խորքային կապ մը ստեղծելը:

Գապագեան անդրադառնալով այդ կապին եւ սփիւռքահայ երիտասարդութեան մասին` նշեց. «Սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդութիւնը հսկայական ներուժ մըն է, եւ մենք կը հաւատանք, որ պէտք է ներդնել այդ մէկը Հայաստանի ծաղկման եւ բարգաւաճման գործընթացին մէջ: Այս մէկը լոզունգի մը սահմաններէն դուրս բերելու համար հայ երիտասարդին պէտք է տալ հայրենիքի մէջ ապրելու, զայն տեսնելու եւ իր նախասիրութիւններու փորձառութիւնը այստեղ ունենալու հնարաւորութիւն: Եւ վերջինս մեր ծրագրի նպատակն է` կիզակէտը»:

Ըստ Գապագեանի, Հայաստան այցելած սփիւռքահայու դատողութիւնը յաճախ կ՛ունենայ զգացական մօտեցում մը` սուր կողմերով կարծիք մը: Անոնք կը տարուին հայրենիքի գեղեցկութեամբ ու կը հիանան անով, կամ յուսախաբ կ՛ըլլան կարգ մը քաղաքացիներու վերաբերմունքէն: Իսկ այդ սուր կարծիքները յղկելու եւ կարգաւորելու, իրատեսական մօտեցում մը հայթայթելու ծիրին մէջ մեծապէս կը նպաստէ այս ծրագիրը:

Իսկ այս ծրագրի կարեւորութիւնը ինչի՞ մէջ կը կայանայ: Այդ մասին Գապագեան ըսաւ. «Այս ծրագիրին միջոցով մասնակիցը կ՛ունենայ իրատեսական դիտանկիւն մը Հայաստանի հանդէպ, եւ ոչ թէ` միայն քանի մը օրուան զբօսաշրջիկի մը դիտանկիւնէ դիտուած: Անոր միջոցով անհատը առիթը կ՛ունենայ տեղացի ժողովուրդին հետ անմիջական կապ հաստատելու, աշխատանքային նոր փորձառութիւն մը ապրելու եւ վարքագիրին (resume) մէջ նոր տող մը աւելցնելու: Փոխադարձ շահը այստեղ բազմակողմանի է` անհատական ու հաւաքական»:

Ան չի հերքեր ծրագրի ընթացքին զանազան դժուարութիւններու գոյութիւնը` ըլլայ այդ մէկը նոր միջավայրի ընտելացումը, ընտանիք-հարազատներէ հեռու ապրիլը կամ խօսակցական լեզուի դժուարութիւնները, սակայն կ՛երաշխաւորէ այդ բոլորին յաղթահարելի ըլլալը եւ կը վստահեցնէ, որ պատասխանատու կազմը իր մասնագիտացած անդամներով` իւրաքանչիւրը նեցուկ մըն է եւ յենարան: Գապագեան շեշտեց. «Անյաղթահարելի ոչինչ կայ այստեղ»:

Այս ծրագիրին մաս կազմելու համար որոշ ժամանակաշրջան մը չկայ. ծրագիրը կը գործէ տարուան 12 ամիսներու տեւողութեամբ: Անհատը ի՛նք կ՛որոշէ, թէ ե՛րբ կ՛ուզէ դիմել: Ընծայուած առիթներ մի՛շտ ալ կան, բոլոր բնագաւառներու մէջ մարդուժի պահանջը մի՛շտ առկայ է: Դիմորդը պէտք չէ վարանի որոշում տալու` մտահոգուելով, որ իր նախասիրութիւններուն համապատասխանող աշխատանքներ կրնայ չգտնել: Այս մասին տնօրէն Սեւան Գապագեան աւելցուց. «Պէտք է դիմել կազմակերպութեան, հարցնել, հասկնալ, ըլլալ համարձակ եւ չտատամսիլ: Այլ խօսքով, չխորանալ խոկումներու մէջ, չծամծմել ու չբարդացնել հարցը: Ոեւէ մէկը ետ չի մնար կեանքին ծրագրին մասնակցելով, ընդհակառակը…»:

«Ե՛ւ Հայաստան երթեւեկը, ե՛ւ այնտեղ կեցութիւնը» նշեցինք վերը:

Այո՛, թէեւ կամաւորական աշխատանքի ընթացքին կարելի է Հայաստան ապրող հարազատներու մօտ մնալ, կամ անձնական կարողութիւններով տուն վարձել, սակայն կեցութեան համար ծրագիրը մասնակիցներուն կը տրամադրէ իրենց աշխատած քաղաքներուն մէջ (Երեւան, Գիւմրի կամ Վանաձոր) զիրենք հիւրընկալող տուներ` տեղացի ժողովուրդի տաքուկ երդիքին տակ: Անհատը այդպիսով անմիջական կապ մը կը ստեղծէ զինք հիւրընկալող տան անդամներուն հետ: Այդ տուներէն ներս անհատին կը տրուի անձնական սենեակ եւ կը վերապահուին նաեւ իր ազատութեան իրաւունքները: Սատարման յաւելեալ աղբիւր մըն է այս մէկը, եւ կազմակերպիչ կազմը խիստ կը քաջալերէ ա՛յս այլընտրանքը: Անդրադառնալով այս մասին` Գապագեան յայտնեց. «Երբ սփիւռքահայը Հայաստան կ՛այցելէ, թաքսիի վարորդի մը հանդիպելով, կամ ճաշարանի մատուցողին հետ շփում ունենալով` չի կրնար ընկալել Հայաստանի մէջ ապրող ժողովուրդի տեսակին ամբողջական պատկերը: Նման նեղ շրջագիծի մէջ դժուար է իրատեսի աչքով նայիլ: Կարծրատիպերէ դուրս գալու, դիրքորոշումներ ճիշդ որդեգրելու համար ամենալաւ ընտրանքը կամաւորական շրջանին հիւրընկալող տուներէն ներս ապրիլն է»:

Ըստ Գապագեանի, նման աշխատանքի մը յաջողութեան գաղտնիքը կը գոյանայ իր աշխատանքին ու նպատակին հանդէպ հաւատք ունեցող խումբին մէջ: Խումբ մը, որ նպատակասլաց է, իր ընթացքը միշտ դէպի յառաջ` անկախ բոլոր խոչընդոտներէն: Պէտք է ան մղէ եւ քաջալերէ սփիւռքահայը եւ շեշտէ կարեւորութիւնը կեանքին մէջ անյետաձգելի կարգ մը փորձառութիւններու, որոնցմէ մէկը այս ծրագիրն է: Հայաստանի մասին խօսելէ, անով մտահոգուելէ եւ զուտ զգացական սէրէ անդին` պէտք է գործնական քայլերու դիմել եւ այնտեղ ներկայութիւն մը ըլլալ. մեր հայու ինքնութեան չափորոշիչ կողմերէն մէկն ալ այդ պատասխանատուութեան ստանձնումն է նաեւ: Այս բոլորը կը նպաստեն նման ծրագիրներու շարունակականութեան ապահովման: Ան աւելցուց, որ նիւթական կայունութիւնը ինքնին կարեւոր երաշխիք է, եւ «Էտել Յովնանեան հիմնադրամ»-ին ջանքերով ծրագիրը ունի այդ կայունութիւնը:

Գապագեան ըսաւ. «Անոնք, որոնք կը մտածեն Հայաստան տեղափոխուելու մասին, այդ ծրագիրի իրականացման ճամբուն վրայ «Դէպի Հայք»-ը կարեւոր մէկ օղակ է»:

Ծրագրի կայքէջին վրայ մանրակրկիտ բացատրուած են անոր հայթայթած բոլոր ծառայութիւններու մանրամասնութիւնները` երթեւեկի ծախսը, հիւրընկալող տուները, շրջանաւարտից միութիւնը, խմբային դաշտագնացութիւններն ու արշաւները եւ աւելին:

Ամփոփելով, սիրելի ընթերցող, եթէ նախասիրութեանդ փորձառութիւնը ապրելու հնարաւորութիւն կը փնտռես Հայաստանի մէջ, այս ծրագիրը վստահաբար կը հետաքրքրէ քեզ, իսկ եթէ չես հետաքրքրուած կամաւորական ծառայութեամբ, անգամ մը կարդա՛, ծրագիրը կրնայ քեզ շահագրգռել եւ մէջդ տարբեր կարծիք ստեղծել:

Մանրամասնութիւններուն համար այցելել` https://www.birthrightarmenia.org/en

«Դէպի Հայք» (Birthright Armenia) Ծրագիրը` Երաշխաւորը Սփիւռքահայուն
«Դէպի Հայք» (Birthright Armenia) Ծրագիրը` Երաշխաւորը Սփիւռքահայուն

 

 

Նախորդը

Ի Զարմանս Մեզի Եւ Խանասորի Հերոս Տղոց (25 Յուլիս 1897)

Յաջորդը

Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.