Հայաստանն ու Ազրպէյճանը սահմանազատման յանձնախումբի հանդիպումները պիտի կատարեն սահմանի տարբեր հատուածներուն մէջ: Այս մասին «Սփութնիք Արմենիա»-ի հարցումին ի պատասխան յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն:
«Յայտնած ենք, որ 12 յուլիսին Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին` Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի եւ Ազրպէյճանի Ղազախի շրջանի հատուածին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի 4-րդ հանդիպումը:
«Կողմերը իբրեւ հերթական հանդիպման կազմակերպման վայր իրարու առաջարկած էին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պետական սահմանի տարբեր հատուածներ: Այս հիման վրայ փոխադարձ համաձայնութեամբ որոշում տրուած է հանդիպումը կազմակերպել պետական սահմանի Տաւուշի մարզի եւ Ղազախի շրջանի հատուածին մէջ:
«Կողմերու փոխադարձ համաձայնութեամբ որոշուած է սահմանին վրայ տեղի ունենալիք հանդիպումները կազմակերպել պետական սահմանի տարբեր հատուածներուն մէջ», ըսած են գրասենեակէն:


