Հինգշաբթի, 20 յունիսին, Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը շրջանառութեան մէջ դրաւ Հրանդ Շահինեանի ծննդեան 100-ամեակի արծաթէ յուշադրամը:
Այդ յուշադրամէն, որուն անուանական արժէքը 1000 դրամ է, շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ 200 օրինակ:
Հրանդ Շահինեան (1923-1996) անուանի հայ մարմնամարզիկ է, ժամանակակից ողիմպիական խաղերու առաջին հայ ախոյեան, կրկնակի ոսկիէ եւ արծաթէ մետալակիր (Հելսինքի, 1952), աշխարհի ախոյեանութեան կրկնակի ոսկիէ մետալակիր (Հռոմ, 1954), նախկին Խորհրդային Միութեան եօթնակի եւ բացարձակ ախոյեան:
Նշենք, որ ան ծնած է Լոռիի մարզի Գիւլագարակ գիւղին մէջ:


