Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Եւ Սէուտական Արաբիա Կ՛ամրապնդեն Ուժանիւթի Եւ Միջազգային Քաղաքականութեան Ոլորտներուն Մէջ Գործակցութիւնը

July 21, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ` քարիւղի միջազգային շուկաներու հաւասարակշռութեան աջակցութիւնը` նշելով, որ անհամբեր կը սպասէ ամրապնդելու վերանորոգ ուժանիւթի մարզի, երկու երկիրներուն միջեւ ելեկտրական ցանցերու իրարու կապման եւ Սէուտական Արաբիայէն Թուրքիա եւ Եւրոպա ելեկտրականութեան արտածման ոլորտներուն մէջ գործակցութեան ամրապնդման:

Այս մասին կը նշուի սէուտական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութեան կողմէ 19 յուլիսին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Սէուտական Արաբիա այցելութենէն ետք հրապարակուած երկու երկիրներու միացեալ հաղորդագրութեան մէջ:

Թագաւորութիւնն ու Թուրքիան ընդգծած են «ուքրանական տագնապը միջազգային օրէնքի վրայ հիմնուած բանակցութիւններու ճամբով լուծելու, երկխօսութիւնն ու դիւանագիտական լուծումները գերադասելու եւ լարուածութեան մեղմացման ջանք թափելու» կարեւորութիւնը:

Անոնք նշած են կարեւորութիւնը «Սեւծովեան նախաձեռնութեան», որ կենսական դեր ունի համաշխարհային պարէնի անվտանգութեան ամրապնդման ու սննդանիւթի գիներու կայունութեան եւ մատակարարումներու հեզասահութեան երաշխաւորման մէջ:

Նշենք, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը երկուշաբթի գիշեր սէուտական Ժետտա քաղաքին մէջ հիւրընկալեց Էրտողանը, որ Սէուտական Արաբիա կը գտնուէր Արաբական ծոց շրջապտոյտի մը ծիրին մէջ:

ՈՒԱՍ հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիան ու Թուրքիան ուժանիւթի, ուղղակի ներդրումներու եւ պաշտպանութեան ոլորտներու մէջ շարք մը արձանագրութիւններ ստորագրած են:

Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարար Խալետ պըն Սալման յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիան թրքական «Պայքար» ընկերութեան հետ երկու համաձայնագիր կնքած է:

Թրքական լրատուամիջոցներ նախապէս հաղորդած էին, որ Էրտողանի շրջապտոյտը հաւանաբար Թուրքիոյ աւելի քան 50 միլիառ տոլարի ներդրումներ պիտի ապահովէ:

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի Յանձնախումբը Կը Մերժէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Վերաբերեալ Էրտողանի Առաջարկը

Յաջորդը

Պաքերի. «Մենք Ազրպէյճանի Հետ Որեւէ Սահմանային Խնդիր Չունինք»

RelatedPosts

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ  Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»
Միջազգային

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»

November 13, 2026
Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին.  Եւրոպական Միութեան Մէջ Կը Դիտարկեն Քալլասը  Դիւանագիտական Ծառայութեան Ղեկավարի  Լիազօրութիւններէն Զրկելու Կարելիութիւնը
Միջազգային

Քալլաս. «Միացեալ Նահանգները Չեն Կրնար Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Պատժամիջոցներու Վերացման Շուրջ Բանակցութիւններ Վարել»

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.