Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Բանակումին Ծանօթացման Մամլոյ Ասուլիս` Երեւանի Մէջ

July 21, 2023
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 20 յուլիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումին ծանօթացման մամլոյ ասուլիսը, որուն ներկայ գտնուեցան հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վաչէ Նաճարեան, Դաւիթ Յակոբեան, Ֆետի Խաժակ Գազանճեան եւ Թալին Օրտողլեան:

Մամլոյ ասուլիսին խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Դաւիթ Յակոբեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեան եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Պօղոս Մահպուպեան:

Դաւիթ Յակոբեան ողջունեց ներկայ լրագրողները եւ ծանօթացուց մամլոյ ասուլիսին մասնակից պատասխանատուները: Ապա, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ  Սանտրա Վարդանեան խօսեցաւ բանակումի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին, որոնք Բիւրականի եւ Երեւանի մէջ ընթացք առած են վեց ամիսէ ի վեր: «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրը ենթարկուած է վերանորոգութեան եւ այժմ պատրաստ է ընդունելու աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանող ՀՄԸՄ-ականները: Սանտրա Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արագածոտնի մարզի շտապ օգնութեան բաժանմունքի պատասխանատուներուն եւ ոստիկանութեան, որոնք իրենց աջակցութիւնը կը ցուցաբերեն բանակումին յաջողութեան: Ան նաեւ նշեց, որ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ը ուրախութեամբ կը հիւրընկալէ Համա-ՀՄԸՄ-ական ձեռնարկները (մարզախաղեր, բանակումներ)` այդ նպատակին համար զօրաշարժի ենթարկելով իր շարքերը: Վերջապէս, Ս. Վարդանեան տեղեկացուց, որ բանակումը պիտի ունենայ ազգային մշակոյթներու նուիրուած օր մը, որուն ընթացքին բանակավայր պիտի այցելեն ֆիզիքական եւ մտային յատուկ խնամքի կարօտ` «Հրաշք» բաժանմունքի պատանիները:

Ասուլիսին երրորդ խօսքը արտասանեց Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Պօղոս Մահպուպեան: Ան յայտնեց, որ բանակումը պիտի ունենայ 750 մասնակից եւ 10 հոգինոց խմբապետական ընդհանուր եւ գործադիր կազմ: Բանակումին պաշտօնական բացումն ու փակումը պիտի կատարուին 21 եւ 29 յուլիսին, իսկ շաբաթ, 22 յուլիսի յետմիջօրէին, բանակողները հայրենի հայութեան պիտի ներկայանան պաշտօնական տողանցքով, որ ընթացք պիտի առնէ «Ազատութեան» հրապարակէն եւ պիտի երկարի մինչեւ «Շահումեան»-ի հրապարակ, ուրկէ անոնք փոխադրակառքերով պիտի ուղղուին Ծիծեռնակաբերդ` յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:

Պաշտօնական խօսքերէն ետք, ասուլիսին մասնակիցները պատասխանեցին ներկայ լրագրողներու հարցումներուն:

Յայտնենք, որ այսօր` ուրբաթ, 21 յուլիսի կէսօրէ ետք ժամը 6:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումին աշխատանքները ընթացք կ’առնեն բացման յատուկ հանդիսութեամբ, որ կը սփռուի միութեան Դիմատետրի էջով (Homenetmen-ՀՄԸՄ):

 

Նախորդը

«Շահումեանի Արծիւ» Խորագրեալ Ձեռնարկը` Նուիրուած ԼԵՄ-ի 50-Ամեակին Եւ «Շ. Մեղրեան» Մասնաճիւղի 20-Ամեակին

Յաջորդը

Քուատրատօ Տեղափոխուեցաւ Ինթեր Միլան

RelatedPosts

Ուխտագնացութիւն Դէպի Աղթամար.  Անգամ Մը Եւս Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ
Հայրենի Կեանք

Ուխտագնացութիւն Դէպի Աղթամար. Անգամ Մը Եւս Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

September 12, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

September 9, 2026
Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան Յաղթանակ Արձանագրեց
Հայրենի Կեանք

Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան Յաղթանակ Արձանագրեց

September 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.