14-31 օգոստոսին Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) տեղի պիտի ունենայ աշխարհի նշանառութեան ախոյեանութիւնը, որուն ամէն գնով որոշած է մասնակցիլ Հայաստան:
Նշուեցաւ, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան պիտի մասնակցի 6 մարզիկով:
Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Սէյրան Նիկողոսեան յայտնեց, որ հայրենի նշանառուները կը շարունակեն իրենց փորձերը, այս ախոյեանութեան մեկնարկը տրուելէն շուրջ երեք շաբաթ առաջ:
Ան յայտնեց, որ 28 յուլիսին հաւաքականին անդամները երկու շաբթուան ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարեն Լեհաստանի մէջ:
Եթէ ազրպէյճանական կողմին հետ բանակցութիւնները դրական արդիւնքի հասնին, Պաքու մեկնող մարզիկները պիտի ըլլան Երջանիկ Աւետիսեան, Էլմիրա Կարապետեան, Բենիկ Խլղաթեան, Արուսեակ Գրիգորեան, Գոռ Խաչատրեան եւ Յովհաննէս Մարգարեան:


