ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամերիկեան ծննդեան նախատօնակ` «Քրիսմըս-իվ»-ն էր: Ուշ երեկոյեան այր եւ կին, երբ թոռնիկ Վանային «պէյպի սիթ» էինք եղած, յանկարծ տան դուռը զարնուեցաւ: Աւելի քան ութսունն անց, թաղի դրացիներէս թէ՛ իր հասակով եւ թէ՛ իր մարմնով հուժկու իրլանտացի Ճիմին էր, որ մեզմէ քանի դուռ վար կ՛ապրէր:
Այս մէկը աննախընթաց անակնկալ մըն էր, մեծ եւ հաճելի: Ներս հրաւիրեցի: Մերժեց: Ձեռքը դեղին մեծ պահարան-ծրար մը բռնած էր: Զայն անհանդարտ, գրեթէ ամչնալով, երկարեց.
– Տիս իս ֆոր եու, նէյպըր,- ըսաւ արագ մը եւ պահարանը ինծի յանձնելով եւ «Մերի քրիսմըս» մըն ալ աւելցնելով, իր միշտ ժպտուն, կարմիր ու ամչկոտ դէմքովը յարգանքով մըն ալ կնոջս բարեւելէ ետք, փորձեց խոյս տալ:
Կինս, իր մեկնումին առաջքը առնելու համար, իրարու ետեւէ համոզիչ նախադասութիւններ շարեց: Մարդը պահ մը միայն կենալով` շտապ բացատրեց, թէ որովհետեւ ես տարին քանի մը անգամներ իրեն օգտակար դարձած էի` զինք բժիշկի կամ մարքեթ տարած. հիմա պզտիկ նուէրով մը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէր: Կինս կրկին փորձեց զինք ներս հրաւիրել:
Կիները ասանկ են, մէկու մը «պոչը եթէ բռնեն, չեն ձգեր»: Այրերէն աւելի ճկուն են եւ մանաւանդ որոշ թեքնիքներ ունին ու կը գործածեն իրենց ծրագիրները յաջողութեամբ պսակելու համար: Ու կը կարծեն, որ միշտ կը յաջողին: Իմ բախտէս այս անգամ իր ջանքերը ապարդիւն ելան: Կինս, սակայն, չյաջողեցաւ, որովհետեւ մեր բարի Ճիմին անդրդուելի մնացած էր: Ապա կարճ ու կտրուկ բարի մաղթանքները ցրուելէ ետք հեռացաւ: Ահա` ամերիկեան դրացնութիւն:
Ահա` ամերիկացի դրացիս եւ բարիներէն մէկը: Հոս` այս երկրին մէջ բարի դրացին այն է, որ քեզի գէշութիւն չ՛ըներ եւ կամ քու գործերուդ միջամուխ չ՛ըլլար:
Ճիմին ինծի համար բացառիկներէն մէկն էր:
Մեր թաղը փոխադրուելէն ի վեր, ամէն առաւօտ կամ երեկոյ մարզանքի մը պարտադրանքին տակ, երբ քալելու ելլէր, մեր դրան առջեւէն անցած պահուն, անպայման լայն ժպիտով բարձրաձայն բարեւ մը կը նետէր: Այս ձեւով երկուստեք որոշ մտերմութիւն մը ստեղծուած էր, որուն իբրեւ արդիւնք` զանազան առիթներով իր կեանքի պատմութիւնը մեզի պատմած էր:
Ժամանակին ոստիկան եղած էր: Երեք մանչ զաւակներ ունեցած էր, որոնք հեռաւոր նահանգներ կ՛ապրէին: Հինգ տարի առաջ կինը` Մըրին, մահացած էր ու զինք ձգած` տեսակ մը անորոշ վիճակի մէջ: Կնոջ ողջութեան ամէն «Թանքսկիվինկին» զաւակները իրենց ընտանիքներով իր մօտ կը հաւաքուէին: Իսկ խեղճ Մըրիի մահէն ետք ամէն բան շրջուած ու փոխուած էր: Ո՛չ «Թանքսկիվինկ» մնացած եւ ոչ ալ «Քրիսմիս»: Փոխուած էր նաեւ մեր Ճիմին ու հազիւ տարի մը ամուրի մնացած էր իր յաճախած «չըրչէն» «կըրլ ֆրենտ» մը գտած էր:
Այս ձեւով, իր զաւակներուն բացակայութեան, նոր եկուորին հետ կ՛անցընէր իր տօնական օրերը: Այսքան միայն գիտենք: Այսքան տեղեկութիւն նոյնիսկ շատ է ամերիկեան դրացնութեան օղակէն ներս:
***
Ներս մտանք, մեր տունը: Երեքով եւ յատկապէս Վանային անհանդարտ եւ ուրախ հետաքրքրութենէն ծնած աղմուկով բացինք «անվըլոփը»:
Տիեզերքի փայլուն ու պսպղուն աստղերու մեծադիր նկարներ, առաւել` քանի մը էջ գրութիւն եւ հաստատագիր մը: Այս էր ծրարին ամբողջ պարունակութիւնը: Այս էր նաեւ նուէրս:
Կարծեմ ինձմէ աւելի թոռնիկս յուսախաբ եղաւ: Հազիւ մէկ ու կէս տարեկան այդ աղջնակը, ո՞վ գիտէ, ինչե՜ր ակնկալած էր այդ տափակ ու մեծ պահարանէն:
Կինս բարձրաձայն կարդաց: Ճիմին տօնական օրերուն առթիւ ինծի «աստղ» մը կը նուիրէր: Մարդը իր տալիք նուէրը այնքան հապճեպով պատրաստած ըլլալու էր, որ նուէրին գնման գինը պահարանին մէջ մոռցած էր. յիսուն չորս տոլար եւ ութսուն սենթ: Այսքան էր արժէքը: Հոգ չէ, նոյնիսկ շատ ալ է:
Իրմէ փոխադարձ ակնկալութիւն մը երբեք չէի ունեցած:
Նայեցայ անջրպետի մեծադիր գունաւոր քարտէսին: Աստղին վրայ անունս գրուած էր: Անոր տեղը յստակ էր: Հեռաւորութիւն, լայնք եւ տարածութիւն` շատ պարզ:
Ուրեմն այս վայրկեանէն սկսած, շնորհիւ դրացի Ճիմիիս, իմ անունովս աստղ մը գրանցուած էր երկինքին վրայ: Եկուր եւ հաւատայ:
Բայց: Փաստ ունիմ: Ունիմ նաեւ հաստատուած վկայագիր մը:
Իսկապէս եթէ մեր երկիրը ըլլայինք, ընկերներս, ազգականներս կամ բարեկամներս ու նոյնիսկ տնեցիները վրաս պիտի խնդային եւ շատ հաւանաբար զիս խռֆածներուն շարքին դասէին:
***
«Վա՜յ Ճիմի, վա՜յ», կ՛ըսէի մտովի, եթէ նոյնիսկ հազար տարի ալ այս երկիրը ապրած ըլլայի, բնաւ մտքիս ծայրէն պիտի չկարենայի անցընել, առ ի երախտագիտութիւն, նման նուէր մը տալ ուրիշին:
Հիմա սակայն իրականութիւն էր, որ թէեւ աստղ մը չեմ դարձած, սակայն իմ անունովս աստղ մը ունիմ, կայ երկնքին վրայ, Աստուծոյ մօտ, լուսնին քով կամ արեւին կից: Ա՛լ դուք հաշուեցէք եւ որոշեցէք:
Կը զգայի, որ հիմա, անձէս մեկնած, նոր անձ մը կը փնտռէի: Նոր խանդ մը վարակած էր երազներս:
Պետրոս Դուրեան իր մահուան նախօրեակին ուզած էր աստղ մը դառնալ «յաւելուլ երկնին…». եւ տակաւին Թէքէեանի «Երկնի անթիւ աստղերէն մէկն…» այս միտքս էր: Իմ պարագայիս, շնորհիւ դրացի Ճիմիին, ես արդէն հատ մը ունէի:
Վայրկեանի մը համար քարտէսը ձեռքս դուրս ելայ: Չորս կողմս նայեցայ: Պարտէզի մթութեան մէջ աչքերս երկինք յառած` փնտռեցի անգտանելի այդ աստղս:
Անկասկած որ Ամերիկեան ախտէն վարակուած էի:
Հեւքով փնտռեցի երկինքի նոր տուն-աստղս ու միամտօրէն մտքէս անցուցի, թէ, ո՞վ գիտէ, օր մը թոռներուս թոռները, գիտութեան ընձեռած գիւտերուն շնորհիւ, եթէ առիթը ունենան այցելելու իրենց հայ մեծ-մեծ-մեծ հօր կամ մեծ-մեծ-մեծ պապիկին անունով արձանագրուած մոլորակը անդէականին մէջ, ես զիս իսկապէս երջանիկ պիտի զգայի: Յանկարծ քիթիս տակէն սկսայ խնդալ: Ես իմ վրաս կը խնդայի:
Կը հաւատայի, որ ներկայէն փախուստ տալով` ինկած էի Ճիմիին բերած նոր երազներուն գիրկը, ուր մանկական հաւատքով վայրկեաններս անիմաստ երանութեան մէջ սահած էին ակամայ:
Վերը, աստղերու բազմութեան մէջ յիսուն տոլարնոց աստղ մը արդէն իսկ զիս ժամանակաւոր երանութեան մը գիրկը նետած էր:
Ես իմ խնդուքս չէի կրնար զսպել:


