Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` արձագանգելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի Կիպրոսի հարցի վերաբերեալ հրապարակած հաղորդագրութեան, նշեց. «Դաշնակցային լուծումը այլեւս չ՛արտացոլեր Կիպրոսի թուրքերուն գերիշխանական կամքը»:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը «կը շարունակէ պնդել լուծումի ոչ յաջող եւ գետնի վրայ իրողութիւններէն կտրուած լուծումին վրայ»` նշելով. «Բոլոր կողմերը պէտք է գիտակցին այն իրողութեան, որ դաշնակցային լուծումի նպատակը դադրած է Կիպրոսի թուրքերուն գերիշխանական կամքը արտացոլելէ»:
Անգարայի կարծիքով` Ապահովութեան խորհուրդի կեցուածքը «փոխանակ լուծումը քաջալերելու» կը սնուցանէ «կարծր կեցուածքը յունական կողմին, որ կ՛անտեսէ կղզիին մէջ հին ու բնիկ գործընկերները, որոնք կիպրացի թուրքերն են»:
«Արդար, մնայուն ու յարատեւ լուծումը, որ Կիպրոսի մէջ պիտի գոյացուի, պէտք է արտացոլէ կղզիի երկու ժողովուրդներուն կամքը, եւ զայն կարելի չէ պարտադրել այլոց կողմէ», ընդգծեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:


