Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհեն յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան դէմ ահաբեկչութեան փորձի ետին կանգնած է Իրանը: «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթին համաձայն, այս մասին Քոհեն յայտարարած է Սերպիա այցելութեան ժամանակ:
Ան պնդած է, որ Ազրպէյճանի մէջ ահաբեկչութեան կասկածանքով կալանաւորուած անձը «Ֆինանսաւորուած եւ ցուցմունքներ ստացած է Իրանէն»:
Ազրպէյճանի յատուկ ծառայութիւնները երկուշաբթի օր հաղորդած էին Աֆղանիստանի քաղաքացի Ֆաւզան Մուսա Խանի ձերբակալման մասին: 23 տարեկան աֆղանը կը կասկածուի Պաքուի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն մէկուն վրայ յարձակում ծրագրելու յանցանքով:


