Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Չարենցաւանի Վանին մաս կազմող յետսապահ Արթուր Քարտաշեան իր կազմէն հեռանալով տեղափոխուեցաւ Տաճիկիստանի ֆութպոլի ախոյեան Իսթիքլոլ:
26 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2023:
Քարտաշեան, որ յունուար 2023-ին Նիկոսիայէն (Կիպրոս) տեղափոխուեցաւ Չարենցաւանի Վանին, նախապէս մաս կազմած է նաեւ Նոայի, Փիւնիկի եւ Սեւանի:


