Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսած Է ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-ի Վեցերորդ Թիւը

July 15, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լոյս տեսաւ «Դրօշակ»-ի յունիսեան թիւը, որուն մէջ կրկին կը գերակշռէ Հայաստան-Արցախի նիւթը: Հեղինակները տարբեր դիտանկիւններէն կը քննեն Հայաստանի իշխանութիւններուն իրականացուցած արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը, որ թելադրուած չէ ազգային շահերէն ու մտահոգութիւններէն եւ կործանարար է Արցախի ու Հայաստանի համար:

Վարդան Յակոբեանի «Կլոպալիզմի գաղափարաբանութիւնը եւ նէոլիպերալների յեղափոխականութիւնը» յօդուածը կը ներկայացնէ, թէ Հայաստանի իշխանութիւններուն այդ քաղաքականութիւնը ի՛նչ հիմքեր ունի եւ ի՛նչ վերազգային նպատակներ կը հետապնդէ:

«Տարածաշրջանային» եւ «Աշխարհաքաղաքական» խորագիրներուն տակ «Դրօշակ»-ը կը ներկայացնէ հետաքրքրական վերլուծութիւններու խճանկար:

Արեւելագէտ Արմէն Պետրոսեան անդրադարձած է Ազրպէյճան-Իսրայէլ սերտացող յարաբերութիւններուն, որոնք իրենց գործնական արտայայտութիւնը ունեցան արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին:

Հեղինակը փաստարկներով հիմնաւորած է, որ այդ գործակցութիւնը ուղիղ համեմատութեամբ կը մեծցնէ Ազրպէյճան-Իրան յարաբերութիւններու մէջ առկայ լարուածութիւնը:

Ազգային անվտանգութեան հարցերու փորձագէտ Արփի Աբրահամեան այս անգամ կը ներկայացնէ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան նոր հայեցակարգը, որուն համաձայն պիտի ճշդուին Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան վերանայումներն ու նոր առաջնահերթութիւնները:

Ամերիկեան հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնին ներկայացուցած յօդուածին մէջ վերլուծուած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններէն ետք թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւններու հեռանկարին հարցը: Հարցը կը քննարկուի, մասնաւորապէս, Ռուսիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ որդեգրած քաղաքականութեան համար:

«Դրօշակ»-ի յունիսի թիւին մէջ տեղ գտած են շարք մը այլ յօդուածներ, որոնք ապահոված են համարի ժանրային բազմազանութիւնը:

Թիւը կրնաք ընթերցել այցելելով` https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2023/06/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-6-2023%D5%A9..pdf

Նախորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Տաղաւար Տօներ. Պայծառակերպութիւն Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինելիութեան Փորձութիւնը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.