Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Թիրախ Կը Դարձնէ Հարաւային Լիբանանի Սահմանը

July 13, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ երեկոյեան հարաւային Լիբանանի Պուսթան սահմանամերձ գիւղաքաղաքին մէջ լսուեցաւ պայթում մը, որուն մասին աւելի ուշ յայտնուեցաւ, թէ իսրայէլեան բանակին կողմէ գործուած ռմբակոծում մըն է Պուսթանի արեւմտեան կողմը գտնուող Ռիշէ աւազանին ուղղութեամբ:

Ռումբին բեկորները պատճառ դարձած են, որ չորս լիբանանցի քաղաքացիներ վիրաւորուին: Վիրաւորներուն մասին ըսուեցաւ նաեւ, որ անոնք Դիմադրութեան մարտիկներ են:

Լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը, որոնք շրջանին մէջ կը գտնուէին, անմիջապէս շրջափակեցին դէպքին վայրը եւ արգիլեցին մօտենալ անոր:

Հըզպալլայի աղբիւրներ աւելի ուշ հաղորդեցին, որ մարտիկները կայուն վիճակի մէջ են եւ անոնք փոխադրուած են Սուրի «Հիրամ» հիւանդանոցը:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ կարգ մը կասկածելիներ փորձած են Լիբանանի հետ սահմանամերձ շրջանի փշաթելը շրջանցել, երբ իսրայէլեան ուժերը օգտագործած են միջոցներ զանոնք հեռացնելու համար:

Ատրահի նշեց, որ սահմանը խախտել փորձողներուն ինքնութիւնը անծանօթ էր` աւելցնելով, որ իրենք պիտի շարունակեն արգիլել Իսրայէլի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութեան եւ սահմանային փշաթելերը շրջանցելու որեւէ փորձ:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Քաթարի Եւ Իրանի Դեսպանները

Յաջորդը

Պասիլ. «Ցամաքային Սահմանագծումի Մասին Բանակցութեան Որեւէ Խօսակցութիւն Սահմանադրութեան Խախտում Կը Նկատուի»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.