Մինչ Լիբանանի տագնապի լուծման գծով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան Ռիատի մէջ հանդիպումներ կ՛ունենայ սէուտցի պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար լիբանանեան թղթածրարը, Լիբանան կը շարունակէ մնալ տարբեր ալիքի վրայ` անտեսելով առաջնահերթութիւնները, ինչպէս` նախագահական ընտրութիւն, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի հարց եւ այլ անհրաժեշտ հարցեր:
Լիբանանցին կը շարունակէ ուրախանալ երկիր այցելող արտերկրի լիբանանցիներով, զբօսաշրջութեամբ, ամրան արձակուրդով, Միջերկրականի ծովափով, գիւղական զովութեամբ եւ որեւէ բնական երկրի մը բաղկացուցիչ տարրերով:
Անշուշտ այս ապրելակերպը կը վայելեն այն քաղաքացիները, որոնք տոլարով եկամուտ ունին կամ ի վիճակի են կատարելու այս բոլորը, իսկ միւս քաղաքացիները կը մնան օրուան հացի, դեղորայքի, բժշկական խնամքի կարօտ կամ լաւագոյն պարագային` իրենց ապրուստը ապահովելու անկարող լիբանանցիներ:
Նշենք, որ Լը Տըրիան Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ կառավարութեան ընդհանուր քարտուղարի` Նիզար Պըն Սլէյման Ուլուլայի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ֆրանսական-սէուտական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան թղթածրարն ու շրջանային զարգացումները:
Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որ յայտնեց, թէ Միքաթիի հետ քննարկած է նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Պու Հապիպ յայտնեց նաեւ, որ ինք նկատի ունեցած է Մարոնիներու լիկայի նախագահին պահանջը, որն էր Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածները պահելու Եւրոպական խորհրդարանի որոշումին դէմ միջամտութիւն կատարել, որովհետեւ անիկա լիբանանցիներուն դէմ անարգական որոշում մըն է:
Պու Հապիպ հաստատեց, որ ինք այդ պահանջը ուղարկած է արտաքին հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէին:
Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու իրաւասութիւնները ընդարձակելու մասին լրագրողներուն ուղղած հարցումին` Պու Հապիպ յայտնեց, որ 2006-ին Ապահովութեան խորհուրդին հրապարակած թիւ 1701 բանաձեւի շրջագիծին մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւն եւ յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին:
«Մենք կը փափաքինք, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերը իրենց պարտականութիւնը կատարեն առանց հարցերու, հետեւաբար անոնց համար շատ աւելի լաւ է, որ լիբանանեան բանակը օժանդակէ իրենց», ըսաւ ան:
Պու Հապիպ ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ իր զինուորներուն թուաքանակը կը շարունակէ բարձրացնել` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ կատարեալ գործակցութիւն կայ, իսկ ՖԻՆԻՒԼ-ի շրջուն ջոկատներուն կատարած հսկողութեան 80 առ հարիւրը տեղի կ՛ունենայ բանակին ներկայութեամբ:
«Մենք կը փափաքինք, որ լիբանանեան բանակին համեմատութիւնը հետզհետէ աւելնայ, որպէսզի անոնք հարցեր չունենան, որովհետեւ հարաւային Լիբանանի բնակիչները շատ աւելի հանգիստ կը զգան լիբանանեան բանակին ներկայութեան», շեշտեց Պու Հապիպ:


