Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր իր ամերիկացի պաշտօնակից Լոյտ Օսթինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է երկկողմանի, անվտանգութեան, շրջանային եւ միջազգային հարցեր:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ երկու կողմերը նաեւ քննարկած են Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի հաւանական անդամակցութեան եւ Անգարայի Ուաշինկթընէն «ԷՖ-16» հալածիչներ գնելու եւ իր օդուժին մաս կազմող «ԷՖ-16»-ները արդիականացնելու հարցերը:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Կիւլեր եւ Օսթին քննարկած են երկկողմանի ու բազմակողմանի պաշտպանական նպատակները:
Անոնք գնահատած են Թուրքիոյ ու Միացեալ Նահանգներուն միջեւ երկարամեայ զինուորական գործակցութիւնը եւ ողջունած երկու երկիրներուն միջեւ շարունակուող «սերտ գործակցութիւնը»:
Սալիվըն. «Թուրքիոյ «Էֆ-16»-ներու
Տրամադրման Հոլովոյթը Պիտի Շարունակուի»
«Նախագահ Պայտըն պիտի շարունակէ զբաղիլ Թուրքիոյ «ԷՖ-16» օդանաւերու տրամադրման հարցով` խորհրդակցութիւններ կատարելով Քոնկրեսի անդամներու հետ», երէկ Վիլնիուսի մէջ յայտարարած է Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն:
«Պայտըն շատ յստակօրէն արտայայտուած էր օդանաւերու Թուրքիոյ փոխանցման օգտին», յայտարարած է Սալիվըն` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը «այս հարցին մէջ որեւէ վերապահութիւն չէ արտայայտած եւ կ՛ուզէ յառաջընթացի հասնիլ»:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ Սալիվըն այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ եւ Շուէտի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն քանի մը ժամ ետք:


