Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «Նեթանիահուի Կառավարութիւնը Կոլտա Մայիրէն Ի Վեր Իսրայէլի Մէջ Ամէնէն Ծայրայեղականն Է»

July 11, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ «երկու պետութիւններ» լուծումը պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին վերջ տալու ճիշդ ուղին է:

Պայտըն «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութիւնը Կոլտա Մայիրէն ի վեր Իսրայէլի մէջ ամէնէն ծայրայեղականն է:

«Վերջինիս (Նեթանիահուի) կառավարութիւնը ունի սեղմ նախարարաց խորհուրդի անդամներ, որոնք կեանքիս մէջ տեսած ամէնէն ծայրայեղականներն են, եւ յիշողութեամբս Կոլտա Մայիրի ժամանակաշրջան կը վերադառնամ: Պեսլայիլ Սմոթրինչն ու Իթամար պեն Ղաֆիրը բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի մէջ խնդիրին մաս կը կազմեն», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Ան քննադատեց իսրայէլեան կառավարութեան կարգ մը անդամները Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու վերաբերեալ իրենց տեսակէտներուն համար` նշելով. «Անոնք խնդիրին մէկ մասն են, մասնաւորաբար նախարարաց խորհուրդի այն անդամները, որոնք կ՛ըսեն, թէ` ուր որ կ՛ուզենք կրնանք բնակեցման վայր հաստատել»:

«Կը կարծեմ` անոնց հետ կանոնաւոր կերպով կը խօսինք, եւ կը փորձենք կացութիւնը հանդարտեցնել, եւ կը յուսանք, որ Նեթանիահուն կը շարունակէ դէպի չափաւորականութիւն եւ փոփոխութիւն շարժիլ»:

Պայտըն պատասխանելով այն հարցումին, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պիտի հրաւիրէ՞ Սպիտակ տուն այցելելու, նշեց, որ Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկ մօտ օրէն Ուաշինկթըն պիտի այցելէ, «սակայն Նեթանիահուն ներկայիս իր ներքին հարցերով զբաղած է»:

Պայտըն նախապէս Իսրայէլի մէջ արդարադատական բարեփոխումներուն պատճառով եւ անոնց դէմ բազմամարդ բողոքի ցոյցերէն ետք յայտնած էր, որ Նեթանիահուն մօտիկ ապագային Սպիտակ տուն պիտի չհրաւիրէ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետի շրջապատէն աղբիւր մը յայտնած է, թէ «Պայտըն անկիրթ է»` աւելցնելով. «Նոյնիսկ (Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք) Օպաման այսպէս չխօսեցաւ»:

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր իր կարգին յայտնեց. «Նախագահ Պայտըն պէտք է գիտակցի, որ այլեւս ամերիկեան դրօշին վրայ աստղ մը ըլլալէ դադրած ենք»:

Ան Պայտընին հարց տուաւ. «Ճիշդ ի՞նչ հարցի մէջ ծայրայեղական եմ. որովհետեւ կը կարծեմ, որ Իսրայէլի քաղաքացիները պէտք է իրենք զիրե՞նք պաշտպանեն»:

«Եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը կարծէ, որ բնակեցուածներուն զէնք բաժնելը ծայրայեղականութիւն է, ապա զինք կը հրաւիրեմ Երուսաղէմ ու Գալիլիա այցելելու, տեսնելու համար, որ իր խօսած ծայրայեղականութեան դրդապատճառը Իսրայէլի նկատմամբ սէրն է», աւելցուց պեն Ղաֆիր:

 

Նախորդը

Զելենսքի. «Ուքրանական Հակայարձակումը Նախատեսուած Մակարդակի Վրայ Չեղաւ»

Յաջորդը

Փութին Ըմբոստութենէն Քանի Մը Օր Ետք Հանդիպում Ունեցած Է «Վակներ»-ի Ղեկավարին Հետ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.