6 յուլիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնայի հետ:
«Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու շուրջ:
«Արարատ Միրզոյեան ֆրանսացի գործընկերոջ ներկայացուցած է Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի վերջին զարգացումները: Անդրադարձ կատարուած է առանցքային հարցերուն, մասնաւորաբար Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու` միջազգային գործիքակազմի տակ հասցէագրման, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ տնտեսական ու փոխադրամիջոցային կապուղիներու ապաշրջափակման առնչուող հարցերու:
«Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկման միջոցով խնդիրները լուծելու անթոյլատրելիութիւնը, Ազրպէյճանի կողմէ յարձակողական գործողութիւններէն եւ սադրիչ հռետորաբանութենէն զերծ մնալու անհրաժեշտութիւնը:
«Ընդգծուած է Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարման եւ Ազրպէյճանի կողմէ ազգային զտումներուն ուղղուած հետագայ գործողութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ միջազգային ջանքերու հրատապութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Փարիզի հաղորդումով, ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը ընդգծած է, որ միայն միջազգային իրաւունքը յարգող եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան` այնտեղ ապրելու կարելիութիւնը երաշխաւորող համաձայնութիւնը կարելի պիտի դարձնէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ արդար ու տեւական խաղաղութիւնը:
Քաթրին Քոլոնա շեշտած է, որ հայերը պէտք է կարելիութիւնը ունենան իրենց իրաւունքներու եւ մշակոյթի յարգումով ապրելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը աւելի ուշ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Ֆրանսան կ՛աջակցի Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու միջոցով խաղաղութեան հասնելուն ուղղուած Հայաստանի անկեղծ ջանքերուն` պահպանելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերու իրաւունքները»: Ան նշած է, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ժամանակ այս մասին ըսած է իր հայ պաշտօնակիցին:
«Ֆրանսան զօրակոչի կ՛ենթարկէ իր ուժերը յանուն արդարութեան եւ միջազգային օրէնքին նկատմամբ յարգանքի», աւելցուցած է Քոլոնա:


