Ֆրանչիսկոս պապը, մեկնաբանելով Շուէտի մէջ Քորանի հրկիզման դէպքը, յայտնեց, որ «ատիկա արտօնելը մերժելի եւ դատապարտելի է»` աւելցնելով, որ խօսքի ազատութիւնը պէտք չէ ուրիշները վիրաւորելու համար իբրեւ պատրուակ օգտագործել: Ան այս մասին յայտնեց էմիրաթական «Իթթիհատ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին:
Ֆրանչիսկոս պապը իր զայրոյթը արտայայտեց այդպիսի վարմունքներու նկատմամբ` նշելով. «Զայրոյթ եւ գարշանք կը զգամ այդպիսի վարմունքի նկատմամբ: Որեւէ գիրք, որ իր տէրերուն համար սուրբ կը նկատուի, պէտք է յարգուի` առ ի յարգանք անոր հաւատացողներուն, եւ երբեք պէտք չէ խօսքի ազատութիւնը ուրիշները անարգելու իբրեւ պատրուակ օգտագործել, եւ ատիկա արտօնելը մերժելի ու դատապարտելի է»:
«Մեր առաքելութիւնը կրօնական զգացումը գործակցութեան, եղբայրութեան եւ բարիքի շօշափելի արարքներու վերածելն է», ըսաւ ան` շեշտելով. «Կրօններու միջեւ գործակցութեան ապագան հիմնուած է փոխադարձութեան, ուրիշը յարգելու եւ ճշմարտութեան վրայ»:
«Այսօր կարիքը ունինք խաղաղութիւն կառուցողներու, ոչ թէ` զէնք շինողներու: Կարիքը ունինք խաղաղութիւն կառուցողներու, ոչ թէ` տագնապներ գրգռողներու: Կարիքը ունինք հրշէջներու եւ ոչ թէ կրակ վառողներու: Կարիքը ունինք հաշտութեան ջատագովներու եւ ոչ թէ քանդումով սպառնացողներու: Կա՛մ եղբայրութեան քաղաքակրթութիւնը, կա՛մ թշնամանքի յետադիմութիւնը: Կա՛մ ապագան միասնաբար կը կառուցենք, կա՛մ ապագան գոյութիւն պիտի չունենայ», նշեց պապը:


