Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաատ. «Թշնամիին Կ՛ըսենք. Եթէ Պատերազմ Չես Ուզեր, Ապա Լուռ Մնայ Եւ Հաւաքուէ»

July 3, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ Մարուանիէ գիւղաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին յայտնեց, որ իսրայէլացիները ամիսներէ ի վեր տակնուվրայ վիճակի մէջ են` նկատի ունենալով սահմանամերձ շրջանին մէջ զետեղուած երկու վրանները, որոնք կը պատկանին Դիմադրութեան:

«Իսրայէլացիները կը նկատեն, որ այդ վրանները սահմանային Կապոյտ գիծին շատ մօտ զետեղուած են, եւ կը պահանջեն, որ այդ վրանները այդ կէտէն դուրս բերուին: Անոնք կը նախընտրեն, որ Դիմադրութիւնը կազմաքանդէ այդ վրանները, որովհետեւ եթէ թշնամին պիտի առնէ նման քայլ մը, ապա պատերազմ պիտի բռնկի, եւ ան չ՛ուզեր պատերազմը: Թշնամիին կ՛ըսենք. եթէ պատերազմ չես ուզեր, ապա լուռ մնայ եւ հաւաքուէ: Իսկ եթէ կ՛ուզես պարտադրել Դիմադրութեան, որ կազմաքանդէ այն, ինչ որ Լիբանանի իրաւունքն է, ապա պէտք է իմանաս, որ այլեւս ոչինչ կրնաս պարտադրել», շեշտեց Ռաատ` ընդգծելով, որ այս երկրին մէջ կան Դիմադրութիւնը եւ հզօր ու հաւատք ունեցող անձնաւորութիւններ:

Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան` Ռաատ յայտնեց, որ շիի երկեակը չի փափաքիր իր թեկնածուն պարտադրել ոեւէ մէկուն` աւելցնելով, որ մենք առաջադրեցինք թեկնածու մը, որուն կա՛մ պէտք է քուէարկել, կա՛մ խորհրդակցիլ, եթէ կը մերժենք անոր ի նպաստ քուէարկել:

«Սակայն անոնք, որոնք կը մերժեն մեր թեկնածուն, կը պարտադրեն մեզի յետս կոչել անոր թեկնածութիւնը, որպէսզի խորհրդակցին մեզի հետ, հետեւաբար հարց կու տանք. ո՞վ է ահաբեկիչը եւ իր կարծիքը պարտադրողը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ընդդիմադիրներն են իրենց կամքը պարտադրել փափաքողները:

Ռաատ շեշտեց, որ իրենք երկար շունչ  եւ համբերութիւն ունին, որովհետեւ յանձնառու են երկրին կայունութեան եւ ազգային միասնականութեան: «Իսկ այն գրաւը, թէ միջազգային հզօր պետութիւններ կրնան ճնշում բանեցնել իրենց վրայ, որպէսզի հրաժարին իրենց թեկնածուէն եւ ընդունին այլ թեկնածու մը, որով համոզուած չեն, ապարդիւն է», հաստատեց ան:

Նախորդը

Շարաֆէտտին. «Սուրիա Պատրաստ Է Առաջին Փուլին Հիւրընկալելու 180 Հազար Տեղահանուած, Որոնց Կը Յաջորդեն 15 Հազար Տեղահանուածներ` Ամսական Դրութեամբ»

Յաջորդը

Միջազգային Դրամական Ֆոնտ. «Լիբանանի Պարտքը Կրնայ Երկրին Համախառն Ներքին Արդիւնքին 550 Առ Հարիւրին Հասնիլ Մինչեւ 2027»

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.