Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փրիկոժին Բացատրած Է «Վակներ»-ի Նահանջի Պատճառները

June 28, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութեան հիմնադիր Եւկենի Փրիկոժին «Թելեկրամ»-ի իր ալիքին վրայ բացատրած է, թէ ինչո՛ւ իր ղեկավարած ստորաբաժանումները դադրեցուցին դէպի Մոսկուա յառաջխաղացքը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ ասիկա Փրիկոժինի առաջին հրապարակային յայտարարութիւնն է 24 յունիսի իրադարձութիւններէն ետք:

«Մենք կանգ առինք, երբ պարզ դարձաւ, որ մեծ արիւնահեղութիւն պիտի ըլլայ: Յանգեցանք եզրակացութեան, ըստ որուն, մեր մտադրութիւններու ցուցադրութիւնը ինքնին բաւարար էր: «Վակներ»-ի շարասիւները կը շարժէին ոչ թէ իշխանութիւնը տապալելու, այլ իրենց բողոքը ցուցադրելու համար», ըսած է Փրիկոժին:

«Վակներ» ընկերութեան ղեկավարը նաեւ ընդունած է, որ իր զինեալները Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան քանի մը ուղղաթիռ վար առած են` ընդգծելով, սակայն, թէ «ցամաքի վրայ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու որեւէ զինուոր չէ սպաննուած»:

Փրիկոժին 24 յունիսի գործողութիւնները կոչած է «24 փետրուար 2022-ի մասթըր Քլաս»:

«Եթէ 24 փետրուարին յատուկ զինուորական գործողութեան գօտիին մէջ մեր նման մարդիկ ըլլային, անիկա մէկ օր կը տեւէր», ընդգծած է ան:

Յիշեցնենք, որ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ  զինուորական գործողութիւնը սկսած էր 24 փետրուար 2022-ին:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ «Վակներ»-ը կը պատրաստուի իր սպառազինութիւնը յանձնելու պաշտպանութեան նախարարութեան:

Ռուսիոյ պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը իր կարգին 27 յունիսի զինեալ ըմբոստութեան վերաբերեալ մեղադրանքներու չեղեալ նկատուիլը յայտարարեց:

 

 

 

Նախորդը

Փութին. «Զինեալ Ուժերը Կասեցուցին Երկրին Մէջ Քաղաքացիական Պատերազմը»

Յաջորդը

Քենաանի. «Մօտ Օրէն Թեհրանի Մէջ Սէուտական Դեսպանատան Եւ Մաշհատի Մէջ Հիւպատոսարանի Բացումը Կը Նախատեսենք»

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.