Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի ըսած է, որ «Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութեան նախաձեռնած զինուորական յեղաշրջման փորձին վերաբերեալ հաղորդակցութիւն հաստատած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին դեսպանը յայտնած է «Սի.Պի.Էս.»-ի պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին:
Դեսպանը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ այդ յեղաշրջման փորձին վերաբերեալ անձամբ չէ զրուցած:
Ըստ «Սի.Պի.Էս.»-ի, ռուս-ամերիկեան հաղորդակցութիւնները կատարուած են «դեսպանի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ ատեաններու մակարդակներով»:
Մեկնաբանելով նիւթը` Պլինքըն ըսած է, որ նախագահ Ճօ Պայտընի կարգադրութեամբ կապուած է ռուսական կողմին հետ` համոզուելու, որ ռուսերը պիտի կատարեն դիւանագիտական աշխատողներու եւ Ռուսիոյ մէջ գտնուող բոլոր ամերիկացիներու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու պարտաւորութիւնը:
Պլինքըն հրաժարած է պատասխանել այն հարցումին, թէ արդեօք նախագահ Պայտըն կապուա՞ծ է նախագահ Վլատիմիր Փութինի, կամ «Սի.Այ.Էյ.»-ը` Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան հետ:
«Մտադիր չեմ մանրամասնութիւններու մասին խօսիլ, կրնամ միայն յայտնել, որ շաբաթավերջին մենք որոշակի կապ հաստատած ենք ռուսական կողմին հետ, որպէսզի համոզուինք, որ անոնք կը կատարեն իրենց պարտաւորութիւնները. մեզի համար ատիկա կարեւոր էր, եւ մենք ատիկա ըրած ենք», ըսած է Պլինքըն:


