Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնա ամէն գնով աշխատանք կը տանի իր կազմին միացնելու Ինթեր Միլանի խրուաթ միջնապահ Մարսելօ Պրոզովիչը, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
Քաթալոնական ակումբը բաւական աշխուժ կը թուի ըլլալ այս փոխանցումը իրականացնելու համար` նկատի ունենալով, որ 30 տարեկան ֆութպոլիստը ցարդ չէ ընդունած Նասըրի (Սէուտական Արաբիա) կողմէ իրեն ներկայացած առաջարկը:
Ան 2022-2023 տարեշրջանին Ինթերի հետ իր կատարած 40 մրցումին ընթացքին նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց 6 էսիսթ:
«Թրանսֆերմարքթ» անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 25 միլիոն եւրոյով:
յունուարին, Նիկոսիայէն (Կիպրոս) միացած էր չարենցաւանեան ակումբին:


