Հայաստանի ներկայացուցիչ Սարգիս Սարգսեան, սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող անձերու աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 6,5 կէտ գրաւեց երրորդ դիրքը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Կայծակնային եւ արագ ճատրակի մրցումներուն, Սարգսեան յաջորդաբար գրաւեց երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը:


