«Էրմենիհապեր» կը գրէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» պատկերասփիւռի կայանէն ուղիղ սփռումի ընթացքին անդրադարձած է Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Հայաստանի հետ խորհրդարանին մէջ բարեկամական խումբերու ձեւաւորման հաւանականութեան, երբ Անգարան ներկայիս այդ երկիրներուն հետ կը գտնուի կարգաւորման հոլովոյթի մէջ:
«Մեր նախագահի պաշտօնի ստանձնման արարողութեան Հայաստանի վարչապետը այստեղ էր, կը նշանակէ, որ որոշ փնտռտուք կայ, այստեղ էր Եգիպտոսի ներկայացուցիչը, Ծոցի երկիրներու… Սկզբունքային առումով ձեր թուարկած, թերեւս նաեւ չթուարկած երկիրներ, որոնց հետ քաղաքական խնդիր ունինք, ժողովուրդներուն հետ որեւէ խնդիր չունինք», ըսած է ան:
Քուրթուլմուշը, պնդելով, թէ իբրեւ թէ իրենք թշնամանք չեն տածեր վերոնշեալ երկիրներու ժողովուրդներուն նկատմամբ, նշած է. «Մեզմէ չբխող պատճառներով լարուածութիւններ եղած են, եղած են կէտեր, երբ յարաբերութիւնները խզուած են, եղած են ժամանակներ, երբ երկխօսութիւն չէ եղած, սակայն ի վերջոյ, ձեր թուարկած երկիրներու եւ միւս բոլոր երկիրներու ժողովուրդները մեր բարեկամներն են, մէկ մասը մեր դրացի, մէկ մասը մեր եղբայր երկիրներն են: Հետեւաբար Թուրքիոյ ակնկալութիւններէն է, որ իբրեւ այստեղի ժողովուրդներուն հետ բարեկամութեան բնական արդիւնք գոյութիւն ունեցող քաղաքական հարցերը արագօրէն հարթուին, այդ հարցերը դուրս բերուին օրակարգէն եւ, ի շահ երկիրներու ժողովուրդներուն, երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդուին»:


