«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը համագործակցի Հայաստանէն եւ սփիւռքէն բազմաթիւ մասնագէտներու հետ` աջակցելու լեզու եւ թեքնաբանութիւն ոլորտին մէջ անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններու իրականացումին: Ասոնց շարքին են` հայերէնի համընդհանուր ուղղագրիչները, հայերէնի բառակազմութիւնը վերլուծող կայքէջերն ու տուեալներու շտեմարանները, համապատասխան յաւելուածները, հայերէնի քերականութիւնը վերլուծող հարթակները, թուայնացուած հրատարակութիւններն ու հայերէնով որոնելի առցանց գրաւոր նիւթերը: Հաշուի առնելով հայերէնի գործածութիւնը բարելաւելու մեր առաքելութիւնը` այս բաց եւ հասանելի թուային աղբիւրներն ու գործիքները դրուած են ամէնօրեայ ընթերցողներու, հետազօտողներու, լեզուն սորվողներու եւ զայն գործածողներու տրամադրութեան տակ:
Լեզու-թեքնաբանութիւն ոլորտին մշտական եւ արագ զարգացումները նկատի առնելով, եւ համաձայն հիմնարկութեան նոր հնգամեայ ծրագիրին, Հայկական համայնքներու բաժանմունքը եւ «ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւնների կենտրոն»-ը կազմակերպեցին աշխատանքային հանդիպում մը հայերէնին վերաբերող թեքնաբանական աշխատանքները ծրագրելու համար: Հանդիպումին ներկայ եղան աշխարհի տարբեր տեղերէ աւելի քան քսան մասնագէտներ, որոնք 30 եւ 31 մայիս 2023-ին հանդիպեցան ԹՈՒՄՕ Երեւան` երկօրեայ աշխատաժողովի մը համար:
Հանդիպումին նպատակն էր ախտորոշել ներկայ պահանջները եւ ստեղծել անհրաժեշտ գործիքները` լեզուի կիրարկութիւնը աւելի ընդլայնելու եւ անոր կենսունակութիւնը ապահովելու համար: Քայլ պահելով թեքնաբանական առաջընթացին հետ` հանդիպումը կը միտէր ուսումնասիրելու ոլորտին ամենահեռանկարային գաղափարները եւ նախաձեռնութիւնները, եւ` քննարկելու ներկայ առանցքային հարցերը. որո՞նք են անհրաժեշտ գործիքները հայերէնը թեքնաբանութեան առաջնագիծ բերելու համար: Ի՞նչ հնարաւորութիւններ եւ սպառնալիքներ կրնան յառաջանալ արհեստական բանականութեան վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ: Ինչպէ՞ս կարելի է ապահովել հայերէնի իմացութիւնը արհեստական բանականութեան զանազան գործիքներուն մէջ:
2023-ի այս աշխատանքային հանդիպումին յստակացան որոշ կիրարկելի քայլեր, ներառեալ` թուային տուեալներու մեծ եւ կենդրոնացած շտեմարաններու գոյացումը, բաց եւ հասանելի քոտերով. քերականական գործիքներու, առցանց թարգմանիչներու, խօսքէն գրութիւն եւ գրութենէ խօսքի վերածող գործիքներու ստեղծումը, ինչպէս նաեւ` խորհրդատուական մարմինի ձեւաւորումը, որ փորձագիտական խորհրդատուութիւն պիտի տրամադրէ նշեալ նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ:
Այս հանդիպումը հիմնուած է 2015 թուականին կայացած աշխատաժողովի արդիւնքներուն վրայ, որ տեղի ունեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ ԹՈՒՄՕ-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ: Հիմնարկութիւնը հայերէնին վերաբերող լեզու-թեքնաբանութիւն ոլորտի իր հետագայ ծրագրաւորումը մեծ մասամբ կազմած էր հիմնուելով 2015-ի այդ հաւաքին վրայ: 2023 թուականի մայիսի հանդիպումը նոյնպէս հիմք պիտի հանդիսանայ այս ոլորտին մէջ հիմնարկութեան գործունէութեան ծրագրաւորումին` վերջերս մեկնարկուած բաժանմունքին 2023-2027 հնգամեայ ծրագիրին ծիրին մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար` այցելեցէք https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ էջը, բաժանորդագրուեցէք Բաժանմունքի տեղեկատուին եւ հետեւեցէք մեր Facebook-ի էջին` https://www.facebook.com/gulbenkian.armenian.communities


