Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

June 23, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 9 յունիս 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ:

Վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտայեան կատարեց բացման խօսքը, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` իրենց մասնակցութեան համար, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կը կանգնին վարժարանի երթին: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու ծնողները, որոնք արդէն իսկ այս վկայականներով կը քաղեն իրենց աշխատանքին պտուղները:

Շրջանի հոգեւոր հովիւ Գրիգոր քհնյ. Եղիայեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները, շնորհաւորեց շրջանաւարտները` Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի անունով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, որոնք ճիգ չեն խնայեր, որպէսզի վարժարանը լաւագոյն ուսումը տայ աշակերտներուն եւ անոնց յաջողութեան հասցնէ: Քահանայ հայրը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ ծնողներուն` անոնց դաստիարակութեան, բարոյական եւ հոգեկան զօրակցութեան համար, որպէսզի իրենց զաւակները կարենան ուսում ստանալ եւ դէպի ապագայ ուղղուիլ համապատասխան վկայականներով:

Իր խօսքի աւարտին Գրիգոր քհնյ. Եղիայեան մաղթեց, որ Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանը հաստատ քայլերով կը շարունակէ իր երթը, նորանոր յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ սերունդներու դաստիարակութեան իր առաքելութեան մէջ, իսկ շրջանաւարտներուն ուղղելով իր խօսքը` ըսաւ, որ պէտք է գործեն այնպէս, որ հպարտութեան աղբիւր հանդիսանան:

Աւարտին վկայականներ ստացան վարժարանի ծաղիկ եւ միջնակարգ դասարաններու շրջանաւարտները:

Նախորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Հանրութեանը Ներարկել Պայքարի Ոգի

Յաջորդը

ՀՅԴ «Շուշի» Կոմիտէ. «Մինաս Ս. Պուտագեան» Սրահի Բացում

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.