Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թայթանիք»-ը Տեսնելու Մեկնած Եւ Անհետ Կորսուած Սուզանաւի Որոնումներու Ընթացքին Ձայներ Լսուած Են

June 22, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թայթանիք»-ի խորտակման վայրին մօտ անհետ կորսուած սուզանաւի որոնումներուն ժամանակ յատուկ սարքերով օժտուած քանատական օդանաւը ձայներ լսած է: Որոնողական խումբերը կը փորձեն գտնել այդ ձայներու աղբիւրը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու առափնեայ պահպանութեան ծառայութիւնը:

Կը նշուի, որ առայժմ հեռակառավարուող ստորջրեայ սարքերը դրական արդիւնքներ չեն արձանագրած, որոնումները կը շարունակուին:

«Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ Նիւ Եորքի ժամանակացոյցով կէս գիշերուան (Պէյրութի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 6:00-ին) դրութեամբ` «Թայթըն» սուզանաւին մէջ գտնուող 5 անձերուն մնացած էր 30 ժամէն նուազ շնչելու օդ:

Սուզանաւը ուղեկցող նաւու հետ կապը կորսնցուցած է 18 յունիսին սուզուելէ 1 ժամ 45 վայրկեան ետք: Որոնումներուն մասնակից են Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի խումբերը: Ֆրանսան եւս ուղարկած է սարքաւորուած հեռակառավարուող ստորջրեայ մեքենայով նաւ մը:

Սուզանաւին մէջ գտնուող անձերու շարքին են բրիտանացի գործարար եւ հետազօտող Հէյմիշ Հարտինկը, Փաքիստանի ամէնէն հարուստ մարդոցմէ մէկը` Շահզատա Տաւուտը եւ անոր որդին` Սուլէյմանը, սուզանաւը գործարկող «ՕփընԿէյթ» ընկերութեան տնօրէն Սթոքթըն Ռաշը եւ ֆրանսացի ծովային փորձագէտ Փոլ-Անրի Նարժոլէն, որ 35 անգամ սուզուած է դէպի «Թայթանիք»-ի խորտակման վայր եւ «Էռ.Էմ.Էս. Թիթանիք» ընկերութեան տնօրէնն է:

58-ամեայ Հէյմիշ Հարտինկ գործարար է, օդանաւերու վաճառքով եւ շահագործումով զբաղող «Էքշըն Աւիէյշըն»-ի սեփականատէր: Ան իբրեւ զբօսաշրջիկ թռչած է տիեզերք «Պլու Օրիճին» տիեզերանաւով: Ան «Կինես»-ի գիրքի եռակի մրցանշակիր է` Երկրագունդի շուրջ ամէնէն արագ շրջագայութիւնը երկու բեւեռներով, ովկիանոսի ամէնէն խոր հատուածին մէջ անցած ամէնէն երկար ճամբան, այդպիսի խորութեան վրայ ամէնէն երկար տեւողութեամբ մնալը:

Նախորդը

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Հայկական Ակումբներուն Ա. Հանգրուանի Մրցումներուն Մրցակիցները

Յաջորդը

Մոսկուայի Մարզին Մէջ 3 Անօդաչու Թռչող Սարքեր Վար Առնուած Են

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.