Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ֆութսալի 2024-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն, մաս կազմեց Դ. խմբակին:
Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Փորթուգալ, Վրաստան եւ Ֆինլանտա:
Վիճակաձգութենէն ետք տեղի ունեցաւ զտումի մրցումներուն կայացման թուականներուն ճշդումը:
Հայրենի կազմը, զտումի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 15 սեպտեմբերին, իսկ վերջին մրցումը` 10 դեկտեմբերին:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռուբէն Նազարէթեան:


