Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լը Տըրիան Նոր Նախաձեռնութեամբ Մը Կ՛այցելէ Լիբանան

June 20, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական ընտրութեան թղթածրարին լուծման առումով Լիբանան կը սպասէ շրջանային եւ միջազգային նախաձեռնութիւններու` նկատի ունենալով, որ ներքին լիբանանեան առումով քաղաքական ուժերը իրենք զիրենք մատնած են անելի` իւրաքանչիւրը կառչած մնալով իր կեցուածքին եւ տեսակէտներուն, որոնք կը բխին անձնական շահերու ապահովումէն` առանց մտածելու ազգային հաւաքական շահերուն, հայրենիքի փրկութեան ու քաղաքացիին բարօրութեան մասին:

Այս շրջագիծին մէջ, Լիբանանի յատուկ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան վաղը պիտի այցելէ Լիբանան:

Կը նախատեսուի, որ Լը Տըրիան Պէյրութի ֆրանսական դեսպանատան մէջ ուրբաթ, 23 յունիս 2023-ին, ճաշկերոյթի մը ընթացքին հանդիպում ունենայ լիբանանեան խորհրդարանի երեսփոխանական կարգ մը պլոքներու նախագահներուն հետ:

Դիւանագիտական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Լը Տըրիան Լիբանանի մէջ պիտի ներկայացնէ նոր եւ վերջին նախաձեռնութիւն մը, որ կը բխի Մաքրոնի եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն, եւ որուն շուրջ միջազգային զօրակցութիւն գոյութիւն ունի:

Այդ նախաձեռնութիւնը կը կեդրոնանայ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը նախագահ ընտրելու վրայ:

Նշենք, որ ֆրանսական աղբիւրներուն համաձայն, Ժան Իվ Լը Տըրիան հաստատած է, որ լիբանանցի ղեկավարները պէտք է Լիբանանի շահերը գերադաս նկատեն, այլապէս անոնք հաւաքական ինքնասպանութիւն գործած պիտի ըլլան եւ երկիրը վատագոյն բեմագրութիւններուն դէմ յանդիման զետեղեն` վտանգելով Լիբանանի գոյութիւնը:

Նշենք, որ տեղեկատուական կարգ մը լիբանանեան աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Փարիզէն վերադարձած է Լիբանան:

Միւս կողմէ, տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներ նկատել տուին, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նուազ քան 24 ժամուան համար այցելած է Քաթար, ուր հանդիպումներ ունեցած է կարգ մը պատասխանատուներու հետ` լիբանանեան թղթածրարը քննարկելու նպատակով:

 

 

Նախորդը

Միքաթի Մարթինիէի Հետ Քննարկեց Թիւ 9 Նաւթահորին Մէջ Պեղումները Սկսելու Աշխատանքին Մանրամասնութիւնները

Յաջորդը

Խորհրդարանը Վաւերացուց Այն Հաշիւները, Որոնց Շնորհիւ Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Ամսական Աշխատավարձը Պիտի Տրամադրուի

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.