Շաբաթ օր Թուրքիոյ նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բաժանմունքը:
Զրոյցի ընթացքին Տարչիաշվիլի շնորհաւորած է Ֆիտանը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար նշանակուելուն առիթով:
«Մենք ընդգծած ենք մեր երկիրները կապող հիանալի համագործակցութիւնն ու ռազմավարական գործընկերութիւնը եւ յանձնառութիւն ստանձնած ենք առաւել եւս խորացնելու մեր կապերը», «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Տարչիաշվիլի:
Անոր համաձայն, զրոյցի ընթացքին անդրադարձ եղած է շրջանին մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս խաղաղութեան հաստատման կարեւորութեան:


