Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Հայաստանը Պէտք Է Ուղղակի Թուղթի Վրայ Ամրագրէ Այն, Ինչ Որ Արդէն Պաշտօնապէս Յայտարարած Է` «Ղարաբաղը Ազրպէյճան Է»

June 16, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանը պէտք է ուղղակի քաղաքական կամք դրսեւորէ եւ թուղթի վրայ ամրագրէ այն, ինչ որ արդէն պաշտօնապէս յայտարարած է` «Ղարաբաղը Ազրպէյճան է»: Այս մասին Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆի հետ բանակցութիւններէն ետք մամլոյ համար յայտարարութեան մէջ ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

Ան նշած է, որ Փաքիստանի վարչապետին տեղեկացուցած է խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ընթացիկ բանակցութիւններու մասին:

«Եւ կը կարծեմ, որ այս համաձայնագիրի ստորագրման հեռանկարներ կան», ըսած է Ալիեւ:

Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Ճոզեփ Պորել` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ու Լաչինի միջանցքին մէջ տիրող կացութիւնը» նիւթով քննարկման ժամանակ ըսած էր, որ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին ղեկավարն է, որ Լեռնային Ղարաբաղը յստակօրէն ճանչցած է իբրեւ Ազրպէյճանի մաս:

«Եթէ չեմ շփոթեր, 22 մայիսին վարչապետ Փաշինեանը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին խօսած է տարածքային ամբողջականութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի (Ազրպէյճանի կազմին մէջ) ներառման մասին: Ասիկա առաջին պարագան է, երբ Հայաստանի ղեկավարը` այս պարագային Փաշինեանը, յստակօրէն զայն ճանչցած է: Անոր ըսածը կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին: Յոյսով ենք, որ Պաքուն փոխադարձաբար դրական պիտի արձագանգէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման, ինչ որ դրականօրէն պիտի խթանէ երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւնները», ըսած է Պորել:

Նախորդը

Խօսելով Ուաշինկթընի Կողմէ Արցախի Վրայ «Ճնշում» Գործադրելու Մասին` Զախարովա. «Առաջին Անգամ Կը Տեսնեմ Տեղեկութիւն, Որ Միջնորդի Դերին Յաւակնող Երկիրը Ուժի Կիրարկումով Սպառնայ Կարգաւորման Հոլովոյթի Մասնակիցին»

Յաջորդը

Էրտողան. «Զանգեզուրի Միջանցքը Խնդիր Է Ոչ Թէ Հայաստանի, Այլ Իրանի Հետ»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.